Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ ենք, ու իբրեւ այդպիսին, առաջիններէն պէտք է ըլլանք՝ որեւէ պետութեան կողմէ ամբողջ ժողովուրդ մը ահաբեկելու, անմեղ քաղաքացիներ կոտորելու անմարդկային արարքները դատապարտողներու շարքին:
Կը դատապարտենք յարձակողները, կ’ընդվզինք միջազգային անտարբերութեան եւ քաղաքական կեղծիքին դէմ, կը զօրակցինք զոհերուն ու մարտնչողներուն:
Հրեայ ժողովուրդը, որ տեսած է արհաւիրք ու սպանդ, ինչպէ՞ս կրնայ թոյլ տալ իր կառավարութեան անխտրական սպաննութիւններով խարան բերել իր անունին, իր ճակատին:
Կը դատապարտենք, կը պահանջենք, կը զօրակցինք:
Կը դատապարտենք՝ մեր ձայնը միացնելով բոլոր անոնց, որոնք ցոյցերով, հասարակական բողոքի տարբեր արտայայտութիւններով, կը ջանան միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել այս ամօթալի ոճիրներուն վրայ, յուսալով, որ մարդկային ընտանիքը, ինչ որ հրաշքով, միացեալ կեցուածք պիտի ցուցաբերէ ու ջարդը կանգնեցնելու անմիջական քայլեր առնէ:
Երէկ, գրեթէ ամբողջ օրը, համակարգիչէս կը հնչէր Կազայի բնակչութեան տառապանքը, երեխաներու ցաւն ու կսկիծը, մարտնչող երիտասարդներու անկոտրում վճռականութիւնը, անոնց պայքարելու ու յանուն արժանապատուութեան, յանուն հողի ու ազատութեան զոհուելու պատրաստակամութիւնը յայտարարող երգեր՝ մեծաւ մասամբ արաբերէն, բայց արդէն նաեւ օտար լեզուներով, ներառեալ՝ անգլերէն:
Հասկնալի է, որ գրելով, երգելով ու ձայնակցելով թնթանօթներու փողերը չեն լրեր. հասկնալի է, որ բողոքի ցոյցերով ռազմական օդանաւերու ռմբահարումները չեն դադրիր: Աւելին պէտք է ընել: Աւելի՛ն պէտք է ընենք: