ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց, թէ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Կարէն Կարապետեան Յունուար 13ին ընդունեց Հայաստանի մօտ Իրանի իսլամական հանրապետութեան դեսպան Սայիտ Ալի Սաղայեանը: Հանդիպման ընթացքին կողմերը ընդգծած են հայ-իրանական յարաբերութիւններու ռազմավարական նշանակութիւնը:
Կարէն Կարապետեան յատկապէս կարեւոր նկատած է ուժանիւթի ուղղութեամբ իրականացող ծրագիրներու արդիւնաւէտ ընթացքը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է Իրան-Հայաստան երկաթուղիին եւ Արաքս գետի վրայ ջրաելեկտրակայանի կառուցման նախագիծերուն:
Զրուցակիցները համաձայնած են մեծցնել երկու երկիրներու միջեւ արտաքին ապրանքաշրջանառութեան ծաւալը, որուն համար մեծ նշանակութիւն ունի շուկաներու թափանցիկութիւնը եւ հայկական արտադրութեան համար մատչելի պայմաններու ստեղծումը: