Հրոսակէ աւելի ոճրագործ, մարդասպան: «Մարմարա» կ’անդրադառնայ թրքական «ԹՌԹ» կայանի կողմէ մօտակայ ժամանակներս ցուցադրուելիք (թերեւս արդէն ցուցադրուած է) հաղորդաշարի մը մասին, ուր պիտի ներկայացուի Իփսիզ Ռէչէփ կոչուած անձի մը կենսագրութիւնը: Այս մարդը նոյնիսկ թրքական պատմութեան մէջ հակասական բնութագրումներով կը յիշուի:
«Ոմանց համաձայն, եւ ըստ պաշտօնական պատմութեան, ան ազգային ազատագրումի պատերազմի հերոսներէն մէկն է. ուրիշներու համաձայն ալ, ան մաքսանենք, ոճրագործ ու հրոսակախումբի պետ, վատահամբաւ մըն է, որ շատ մեծ դեր ունեցած է տեղահանութեան ընթացքին հայերու մաքրագործումին մէջ»:
Այս պատմութիւնը աւելի քան այժմէական է հիմա եւ մեզի բաւական բան կը բացատրէ՝ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարի վերջին խայտառակ յայտարարութեան լոյսին տակ, ուր բացէ ի բաց խոստովանութիւն կ’ըլլայ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու, որոնց շարքին նաեւ հայերու «մաքրագործում»ին, այսինքն՝ ցեղասպանութիւնը իբրեւ «բարիք» գնահատելու մտայնութեան:
«Մարմարա» կը գրէ. «Իփսիզ Ռէչէփի մասին հակասական երկու պատմութիւնները միայն երեք կէտի մէջ կը նոյնանան իրարու հետ: Երկուքն ալ նախ կ’ընդունին, որ Իփսիզ Ռէչէփ Սեւ Ծովու երկու ափերուն վրայ մաքսանենգութիւն կ’ընէր, ապա կ’ընդունին, որ ան Պաթումէն առած էր 17 հայեր, որոնց աւելի վերջ սպաննած էր՝ պնդելով, որ անոնք «կոմիտաճի» էին», եւ ատոր համար ալ բանտարկուած էր. եւ վերջապէս կ’ընդունին, որ պատերազմի ընթացքին ան իր առաջնորդութեամբ աշխատող վատահամբաւներէ կազմուած հրոսակախմբին պետն էր»:
«Մարմարա» նաեւ կը մէջբերէ թուրք գրող Սայիտ Չէթինօղլուի կողմէ Իփսիզ Ռէչէփի բնութագրումը: Թուրքիա եւ Միջին Արեւելքի Ֆորումի Վագֆի Էօզկիւր համալսարանին մէջ հետազօտութիւններ կատարող Սայիտ Չէթինօղլու կը գրէ, որ «Իփսիզ Ռէչէփ «ռէիս» հրոսակ մըն է, Թէշքիլաթը Մահսուսիյէի անդամ մը, որ կարեւոր դեր խաղացած է Հայկական Ցեղասպանութեան, մանաւանդ Հելլէն ծագումով Սեւ Ծովցիներու էթնիք մաքրագործումին մէջ: Այսպիսի արարքներու մասնակցող բոլոր իր նմաններուն պէս, ան ալ զինադադարէն վերջ, իր շունչը առած է ազգային ազատագրումի շարժումին մէջ, որպէսզի փրկուի պատժուելէ: Մասնակցելով Անատոլուի շարժումին՝ նոյն արարքները շարունակած է Ատափազարի ու Իզմիթի շրջաններուն մէջ, եւ իր յաջողութիւններուն համար, պարգեւատրուած է հարիւրապետի աստիճանով»:
Ի միջի այլոց, «Մարմարա»էն կ’իմանանք, որ Սայիտի մեծ հայրը՝ Ալի Չէթինօղլուն, այն թուրքերէն էր, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով՝ օգնած են հայ ընտանիքներու, փրկելով զանոնք եւ աջակցելով անոնց Արեւելեան Հայաստան փոխադրութեան:
Թրքական հանրապետութիւնը հերոսական արարքներո՞ւ, թէ ցեղասպանութեան վրայ խարսխուած է: Քեմալ Աթաթիւրքի «ազատագրական պայքար»ը հերոսներու բանակի կողմէ վարուած գուպա՞ր է, թէ յանցագործներու բանակի մը սեփական մաշկը փրկելու դրդումով ձեռնարկուած կռիւ:
Թրքական ժողովուրդի ազատ, անկախ, իքնիշխան ապրելու հարցը չէ խնդրոյ առարկան, այլ պետական այն ոճրային մտայնութիւնը, որ ծնունդ առած էր երիտասարդ թուրքերու ղեկավար շրջանակին մէջ, ապա ժառանգուած՝ քեմալականներու կողմէ ու անոնցմէ ալ՝ այսօրուան Թուրքիոյ մէջ ապրող մոլեռանդներու, որոնք Թուրքիոյ ապագային երաշխիքը կը տեսնեն ոչ-թուրքերու ոչնչացման մէջ:
Հերո՞ս, թէ հրոսակ: Հերո՞ս, թէ յանցագործ մարդասպան: Թուրք ժողովուրդը այս երկընտրանքէն դուրս պէտք է գայ ու իր նոր հանրապետութեան ակունքներուն նայի այլ մօտեցումով, որպէսզի իրապէս Կովկասը դառնայ խաղաղութեան, համերաշխութեան, բարգաւաճման ու լաւագոյն ուրիշ բարիքներով լի տարածաշրջան: