ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- «Էրկէնէքոն» ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցութեան յանցանքով ամբաստանուած 86 կասկածելիներուն դատավարութեան երկրորդ նիստը սկսաւ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 23ին: Առաջին նիստը անցած էր սուր վէճերով եւ դատական կազմի ու դատասրահի ծաւալին դէմ առարկութիւններով։ Ամբաստանեալներու փաստաբանները գանգատած էին, որ բաւարար փաստաբանի տեղ չկար սրահին մէջ, անոնք պնդած էին նաեւ, որ այս դատարանը իրենց պաշտպանեալները դատելու իրաւասութիւն չունէր։ Այս վերջին առարկութիւնը մերժուեցաւ դատարանին կողմէ։ Բայց իրողութիւն է, որ սրահը փոքրիկ եղած է այսքան մեծ թիւով ամբաստանեալներու դատավարութեան համար։ Պաշտօնական աղբիւրներ անցեալ օր յայտնեցին, թէ աշխարհի վրայ չկայ դատասրահ մը, ուր կարելի ըլլայ ընդունիլ 600 փաստաբան։
Արդարադատութեան նախարար Մէհմէտ Ալի Շահին Չորեքշաբթի օր անդրադարձաւ այս խնդրին եւ ընդունեց, որ սրահը փոքրիկ եղած է եւ խոստացաւ շուտով կառուցել տալ նոր դատասրահ մը, յուսալով, որ անոր կառուցումը աւարտի մինչեւ Յունուար։ Ան Սիլիվրի ղրկեց երկու քննիչներ, որոնց առաջարկներուն հիման վրայ սրահին մէջ դրուեցան երկու մեծ պաստառներ, ուրկէ կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ դատավարութեան։