Մտածելու, դատելու, տրամաբանելու, հիմնաւորուած կարծիք արտայայտելու, տպաւորութիւն փոխանցելու կարողութիւն ունեցող ծով բազմութիւն կայ մեր չորսդին: Անոնց կրնանք համարել մտաւորականներ, որոնց հետ շփումը եւ հաղորդակցումը միայն կրնայ հարստացնել մեզ:
Միւս կողմէ, հեգնանքը այն է, մանաւանդ կազմակերպչական կեանքին մէջ յաճախ կը լսենք այս մասին, թէ մտաւորականներու պակաս կայ, որ մտաւորականներ չեն մասնակցիր մեր միութենական առօրեային, կը զլանան իրենց ներդրումը բերել հաւաքական մեր կեանքի կազմակերպման գործին:
Հաւանաբար կ’արժէ ինքնազննումի միջոցաւ գնահատել մեր սեփական վերաբերմունքը մեր շուրջը եղող մարդոց ընդհանրապէս եւ մտաւորական կարողութիւն կամ յաւակնութիւն ունեցող անձերուն հանդէպ՝ մասնաւորապէս:
Արդեօ՞ք մեր վերաբերմունքին մէջ կարելի չէ գտնել արհամարհանք՝ հանդէպ այդ մարդոց: Արդեօ՞ք մեր ինքնասիրահարուածութիւնը կամ ինքնահաւանութիւնը մեզ չէ կուրցուցած այնքան, որ մեր անմիջական շրջապատի մտաւորականները չենք նսեմացուցած, անտեսած կամ վիրաւորած, առանց գիտակ-ցելու որ այդպէս վարուած ենք:
Ես անձնապէս կը խոստովանիմ իմ մեղքս՝ շատերու հանդէպ: Կ’անդրադառնամ, որ ահաւոր սխալ է իմ կողմէս, յատկապէս հասարակական կամ հանրային պարտականութեան մը գլուխը ըլլալով՝ նոյնի՛սկ անտարբերութիւն, ալ ուր մնաց արհամարհանք ցոյց տալ մտաւորականներու հանդէպ:
Իսկ աւելի յստակացնելու համար, թէ զո՛վ կը նկատեմ մտաւորական, ահա կը սկսիմ ներկայացնելու անոնց ցուցակը.
Ուսուցիչները՝ հայկական վարժարաններու եւ հանրային դպրոցներու, համալսարաններու դասախօսները, կրթական համակարգէ ներս աշխատողները՝ վարչական, կազմակերպչական թէ դաստիարակչական.
Արուեստագէտները՝ գրողներ, նկարիչներ, երաժիշտներ…
Մասնագիտական ամբողջ շրջանակը բժիշկներու, իրաւաբաններու, լրագրողներու, ճարտարապետներու, ճարտարագէտներու…
Կրնամ այս շարքը երկարել ու երկարել:
Յաջորդ անգամ, երբ պարտաւորուած ըլլամ հրապարակաւ դիմում կատարելու մտաւորական ներդրումի աջակցութեան՝ դիմումս ուղղուած պիտի ըլլայ այս մտաւորականներուն, բոլորին, որոնց համրանքը մեր անմիջական իրականութեան մէջ ահագին է, որոնցմով ես գիտեմ, որ հզօր կը դառնամ, եւ որոնց խրատներով ու խորհուրդներով կրնամ սրբագրել ես զիս ու աւելի ճիշդ ուղիով յառաջանալ: