ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- «Էֆ.Պի.Այ.»ի աղբիւրները հաստատեցին այն տեղեկութիւնները, թէ կազմակերպութիւնը կը հետապնդէ վերջին քանի մը շաբաթներուն պետական հովանիին տակ առնուած հսկայ չորս ընկերութիւնները՝ «Ֆէնի Մէյ»ը, «Ֆրէտի Մէք»ը, «Լիմըն Պրատըրզ»ն ու «Էյ.Այ.Ճի.»ն՝ բացայայտելու համար հաւանական զեղծարարութիւններ:
Պաշտօնատարներ «բնական» որակեցին այս հետապնդումները, աւելցնելով, թէ ելեւմտական աւելի քան քսան մեծ ընկերութիւններ ներկայիս կը հետապնդուին իշխանութեան կողմէ, եկամուտներու, վտանգներու, ծախսերու եւ այլ տեղեկութեանց սխալ հաղորդումի պատճառով, երեւոյթներ, որոնք տնտեսական ներկայ տագնապին գլխաւոր պատճառները եղած էին:
Այս տեղեկութիւնը բացայայտուեցաւ, երբ Միացեալ Նահանգներու կառավարութան ելեւմուտքի պատասխանատուները Ներկայացուցիչներու տան կը ներկայացնէին արագօրէն 700 միլիառ տոլարի օժանդակութեան ծրար մը վաւերացնելու առաջարկը, որ Երեքշաբթի օր Ծերակոյտին ներկայացուած էր:
Քոնկրէսականներ վերապահ են յատկապէս այն իրողութեան համար, որ կառավարութիւնը կ’ուզէ այդ գումարը ծախսել Քոնկրէսի հսկողութենէն դուրս եւ յաւելեալ երաշխիքներ կը պահանջեն, որ օժանդակութեան գումարէն օգտուին նաեւ քաղաքացիները:
Ծրագրին քննադատողները կը շեշտեն, թէ անարդար է, որ այս տագնապին պատճառ դարձած դրամատուներն ու ելեւմտական այլ ընկերութիւններ անոր հետեւանքները չկրեն։
Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Հենրի Փոլսըն կը պնդէ, թէ ծրագիրը տուրք վճարողներուն համար աւելի նպաստաւոր պիտի ըլլայ, քան չմիջամտելու ընտրանքը, որուն հետեւանքով տնտեսութիւնը նահանջելու պիտի սկսի: