Աշխարհը ականատես եղաւ պատմանշանակալի իրադարձութեան մը: Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիոյ անկախութեան ճանաչումը Ռուսիոյ կողմէ, քաղաքական բոլորովին նոր իրավիճակ մը ստեղծեց ո՛չ միայն Կովկասի, այլեւ՝ ամբողջ աշխարհին մէջ:
Այս ցնցող իրադարձութիւնը ի՞նչ հետեւանքներ պիտի ունենայ հայութեան համար:
Հայաստան, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւն եւ Չաւախք, երեքն ալ անկասկած կ’իյնան այս իրադարձութեանց ստեղծած ալիքներու հարուածներուն տակ:
Չաւախքի հայութիւնը, շարունակ անտեսուած, շարունակ խտրական վերաբերմունքի ենթակայ, շարունակ պոռթկալու տրամադրութիւնը զսպելու հոգեվիճակով կ’ապրի: Այսօր, այդ տարածքին վրայ անհասկնալի հակահայ գործողութիւններ աւելի՛ եւս կը սրեն կացութիւնը:
Շրջափակման տակ ապրող Հայաստանը, անձկութեամբ աչքերը սեւեռած կը պահէ Վրաստանէն անցնող երկաթուղային ու ցամաքային ճանապարհներուն:
Արցախը, միջազգային հանրութեան անտարբերութենէն յոգնած՝ տակաւին կը սպասէ իր ապագան ամրագրող վերջնական կարգավիճակի յստակացման:
Դաշնակցական երկու ղեկավարներ այս բոլորը լուսարձակի տակ առնելով՝ կը մեկնաբանեն վիճակը:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի պատասխանը այս հարցերուն վերաբերեալ կը հրապարակենք առանձինն: Տե՛ս էջ ութ:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան, ելոյթ ունենալով «Երկիր-Միտիա» հեռատեսիլէն, եւ խօսելով ազգերու ինքնորշման եւ սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքներու հակադրութենէն յառաջացած ճեղքերուն մասին՝ յայտնած է, որ «այս ճեղքի խորացումը, ի վերջոյ, քաղաքական ճիշդ գործընթաց է: Որովհետեւ այնտեղ, որտեղ ժողովուրդը որոշում է ինքնուրոյն ապրել, որոշում է իրացնել իր ազատ ապրելու իրաւունքը եւ ազգերի ինքնորոշման սկզբունքն է դարձնում իր քաղաքական ուղեգիծը, այնտեղ ոչ մի մոգոնուած եւ հնարուած միջազգային սկզբունք չի կարող այդ գործընթացին խանգարել: Ես կարծում եմ, որ այս գործընթացը, ճանաչման գործընթացը, ինքնուրոյնութեան ճանաչման գործընթացը արդէն մօտենում է Ղարաբաղին:
Ինչպիսի՞ աւարտ կ’ունենայ Աբխազիայում եւ Հ. Օսէթիայում անկախութիւնը. կայսրութիւնների դարն անցած է, մինչդեռ էթնիք պետութիւնները դեռ ստեղծուելու են, եւ արհեստական հակադրութիւնը ազգերի ինքնորոշման եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքների միջեւ ճեղք է տալիս: Ճեղքերը հասան նախ պալքաններ, յետոյ՝ Կովկաս»:
Վահան Յոովհաննիսեան չի բացառեր ԼՂՀի ճանաչումը Ռուսիոյ կողմէ: «Համարում եմ հնարաւոր. դա կը պահանջի ուժերի լարում մեր կողմից, որը պէտք է ապացուցի մեր ռուսաստանեան գործընկերներին, բայց ոչ միայն ռուսաստանեան գործընկերներին, որ նման ճանաչումը նրանց համար յաւելեալ դիւանագիտական կամ այլ տիպի բեռ չի դառնում: Այս առումով, մեզ կարեւոր է միջազգային ճամաչումը, ո՛չ միայն քանի մը շահագրգիռ պետութիւնների կողմէ. էս առումով, մեր արտաքին գործերի նախարարութիւնը պէտք է շատ ակտիւ աշխատանք տանի»:
Աշխատինք: