Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ, 1 Մայիսին, դարձեալ առանց անկախ փաստաբաններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայութեան հարցաքննուեցան Արցախի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան եւ Արցախի Ազգային ժողովի վերջին նախագահ Դաւիթ Իշխանեան:
Դատական նիստը լուսաբանող միակ լրատուամիջոցը՝ պետական «Ազերթաճ»ը կը յայտնէ, թէ դատաքննութեան ընթացքին ցուցադրուեցան տեսանիւթեր, որոնց մէջ կ՛երեւի Արկադի Ղուկասեան՝ ըստ լրատուամիջոցին ձեւակերպումին՝ «Շուշիի բռնագրաւումէն անմիջապէս ետք»:
Ըստ «Ազերթաճ»ի՝ միւս տեսանիւթին մէջ, Դաւիթ Իշխանեան կ՛երեւի՝ իբր թէ, խոչընդոտելով ատրպէյճանցի զինուորներուն յառաջխաղացումը դէպի Շուշի: Մեղադրող դատախազները տեսանիւթերու ցուցադրութենէն ետք, հարցումներ տուին Ղուկասեանին ու Իշխանեանին:
«Ազերթաճ»ը Ղուկասեանին վերագրուող խօսքեր մէջբերած է իր հրապարակումին մէջ, որուն մէջ իբր թէ Ղուկասեան ըսած է, թէ որո՛նք եղած են իրեն հետ Շուշիի մէջ՝ քաղաքը հայկական ուժերու վերահսկողութեան տակ անցնելէ ետք: Ըստ թերթին՝ հոն եղած են իր վարորդը, հրապարակախօս Զօրի Բալայեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ սրբազանը:
«Ազերթաճ»ը կը յայտնէ, որ Իշխանեանի ջոկատը Մոնթէ Մելքոնեանի հրամանով փակած է Շուշի տանող ճամբան: Յստակ չէ, թէ խօսքը ի՛նչ տեսանիւթի մասին է. միայն կը նշուի, որ այդ պնդումները անոր մէջ եղած են: Ինք՝ Իշխանեան, ըստ «Ազերթաճ»ի, յայտարարեց, որ տեսանիւթին մէջ ներկայացուած փաստերը չեն համապատասխաներ իրականութեան, եւ անիկա քարոզչական նպատակով 2020ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ պատրաստուած է:
«Ազերթաճ»ը այս պարագային եւս Իշխանեանին վերագրուող խօսքեր մէջբերած է. ան անկարելի նկատած է Շուշիի գործողութեան մասնակցութիւնը, որ այդ օրերուն ինք ձեռնափայտով եղած է: