
26 Ապրիլին, Տաւուշի մարզի Այգեձոր գիւղին մէջ, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, մարմնի նախագահ Աշոտ Սիմոնեան եւ Գերագոյն մարմնի անդամները, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները հանդիպում ունեցան Այգեձորի եւ սահմանամերձ Չինարիի բնակիչներուն հետ:
«Բաց եւ անկաշկանդ քննարկման ընթացքում խօսել ենք մեր քաղաքացիներին յուզող բոլոր հարցերից, նրանց ներկայացրել մեր մօտեցումները, խոստացել բարձրաձայնել նրանց յուզող բոլոր խնդիրները», տեղեկացուց Սաղաթէլեան:


Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան իր կարգին յայտնեց, որ անմիջական եւ անկաշկանդ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած զրոյցներուն իբրեւ արդիւնք իրենք արձանագրեցին, որ մեր հայրենակիցներուն հիմնական մտահոգութիւնները կը շարունակեն մնալ ապահովական հարցերը, երկրին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները, օրուան իշխանութեան վարած քաղաքականութիւնը, մեր ինքնութեան եւ գերիշխանութեան դէմ սպառնալիքները:
Նշենք, որ Հայաստանի զանազան համայնքներ այցելութիւնները եւ քաղաքացիներու հետ հանդիպումները ունին շարունակական բնոյթ: