ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Հայկական օրէնսդրական համախմբումին նախաձեռնութեամբ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով կազմակերպուող շարադրութեան եւ արուեստի մրցումներուն մասնակցեցան Քալիֆորնիոյ բոլոր վարժարաններու 9րդէն 12րդ դասարաններու աշակերտները:
Շարադրութիւնը պէտք է գրուէր Քալիֆորնիոյ մէջ յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած հայու մը մասին, իսկ արուեստի այս տարուան մրցումին նիւթը՝ Քալիֆորնիոյ հայութեան իրագործումներէն մէկը կրնար ըլլալ։
Մրցումներուն արդիւնքները հրապարակուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 110րդ տարելիցին՝ Ապրիլ 24ին։
Շարադրութեան մրցումին առաջին երեք դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին՝ Նելլի Ֆուքմըն (Սան Ֆրանսիսքօ), Պիանքա Քարտենազ (Մորենօ Հովիտ) եւ Տանիա Մարթին (Մորենօ Հովիտ)։
Արուեստի մրցումին առաջին երեք դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին՝ Ռէյչըլ Քոնկ (Պէյքըրզֆիլտ), Ֆիլիփա Հենի (Փլեզընթըն) եւ Սոֆիա Մուրատեան (Պըրպենք):
Իւրաքանչիւր մրցումի առաջին հանդիսացողը ստացաւ 1000 տոլար, իսկ երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացողները՝ յաջորդաբար 750 եւ 500 տոլար: