

Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակին առիթով, Չորեքշաբթի 23 Ապրիլի երեկոյեան, հանդիսապետութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Ս. Պաարագ եւ Բարեխօսական կարգ կատարուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ: Պատարագը մատուցեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Սրբազան հօր առընթերականերն էին՝ Զարեհ Ծ. վրդ. Սարգիսեան եւ Երեմիա վրդ. Աբգարեան: Օրուան պատգամը փոխանցեց Յովնան արք. Տէրտէրեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց Մայր տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը։
Պատարագին աղօթակացութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հովիւ վեր. Հենրիկ Շահնազարեան եւ Արեւմտեան թեմի հոգեւորականները: Ներկայ էին Լոս Անճելըսի Եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ առաջնորդ Ճոն եպս. Թէյլըր, Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի թեմի առաջնորդի օգնական Ալպերթ եպս. Պահոթ, Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի Միջեկեղեցական գրասենեակի տնօրէն հայր Ալեքսի Սմիթ, Լոս Անճելըսի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Էօժէնէ արք. Քափլանի ներկայացուցիչ հայր Կապրիէլ Հաննա, Լոս Անճելըսի Քրիստոսի Միացեալ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ վեր. Սալի Ուելչ եւ Լոս Անճելըսի Աւետարանական Լուտերական եկեղեցիէն վեր. Տէյվիտ Պերքէտալ։
Եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Իսրայէլեան, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մոնիքա Ռոտրիկէզ, Թեմական խորհուրդի անդամներ, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ Վարդան Նազիրեանի, համայնքային, մշակութային, բարեսիրական, կրթական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ, թեմական յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը:


Ուրախութիւն էր տեսնել Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄի սկաուտներու ներկայութիւնը, որոնք առաջնորդարանի շրջափակին մէջ զետեղուած յուշարձանին առջեւ իրենց ուխտը կատարելէ ետք մուտ գործեցին Մայր տաճար եւ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին մեր նահատակ սուրբերուն։
«Բոլորս ի մի հաւաքող աղօթական այս նուիրական պահուն ուխտ կը կատարենք հաւատարիմ մնալ աստուածապարգեւ հոգեւոր ու ազգային յաւերժական արժէքներուն նկատմամբ, այն խոր համոզումով, որ մարդկութեան պատմութեան մէջ անջնջելի պիտի մնայ 20րդ դարու սկիզբը, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կանխամտածուած ու կազմակերպուած առաջին ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր, այն գիտակցութեամբ ու հաւատքով, որ գալիք սերունդները արթուն պիտի պահեն իրենց հոգիներուն մէջ հողին տեսիլքը, հայրենական սէրն ու հայու արեան մէջ արդարութեան կանչ դարձած քրիստոնէական հաւատքը», իր քարոզին մէջ ըսաւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան՝ նկատել տալով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը հիմնաքարը դարձաւ պահանջատիրութեան մեր յոյսին, երբ մեր անմեղ նահատակները սրբադասուեցան:
Սրբազանը Ցեղասպանութեան 110րդ տարեդարձը համարեց բացառիկ հրաւէր հետեւեալ գործնական քայլերով ոգեկոչելու յիշատակը մեր նահատակ սուրբերուն.
1. Հաւաքական երթին ներգրաւել երիտասարդութիւնը.
2. Հայոց պատմութիւնը ջամբելու մեր նոր սերունդի զաւակներուն՝ իբրեւ արմատ մեր էութեան.
3. Ապագայ սերունդներուն մէջ խորացնելու ուսման գիտակցութիւնը, գիտութեան մէջ արձանագրելու բարձրագոյն մակարդակներ եւ ընկերային ու քաղաքական դաշտերուն մէջ ձեռք բերելու առաջատար դիրքեր.
4. Ապահովել միասնութեան ոգիին, մէկս միւսին խոնարհելու բոլորանուէր սիրով, հայրենիքն ու հաւատքը դարձնելու մեր կենսակերպին ժայռը, հիմք ունենալով հայ քրիստոնեայ ընտանիքը՝ իբրեւ գրաւականը յաղթանակուած կեանքին:
Սրբազանը ընդգծեց, որ Ցեղասպանութեան 110ամեակի ոգեկոչումը կ՛իմաստաւորուի, երբ կը մերժենք անտարբերութիւնը:
Վերջապէս, առաջնորդը դիտել տուաւ, որ միասնական աղօթքը հրաշալի առիթ մը կը հանդիսանայ դարաւոր մեր հաւատքի ուխտը եւ հայրենիքի հանդէպ մեր անվերապահ սէրը վերանորոգելու: «110րդ ամեակը սրբոց նահատակաց համընդհանուր հայութեան հետեւեալը կը պատգամէ. Հայաստանը մեզ կը կանչէ, ապրինք Հայաստանով, եւ եկեղեցին ու դպրոցը դարձնենք մանրակերտն ու կամուրջը Սփիւռքը Հայաստանին կապող: Մեր նահատակները մեր կեանքին մէջ կ՛ապրին ոչ իբրեւ անցեալի յիշողութիւն, այլ` իբրեւ ուղեցոյց եւ առաջնորդութիւն մեր ապագային», եզրափակեց առաջնորդը:
Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակի Ս. Պատարագը եւ Բարեխօսական կարգը առիթ հանդիսացան վերանորոգելու մեր ուխտը եւ պահանջատիրութիւնը, ապրիլեան նահատակներու բարեխօսութեամբ մեր դատին արդար լուծումը վստահելու Աստուծոյ, մեր կեանքին մէջ առաջնահերթ դարձնելով քրիստոնէական եւ ազգակերտ արժէքներու պահպանութիւնը, հայութեան յարութեան տեսլականով առաջնորդուած:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ