
Կիրակի, 13 Ապրիլի առաւօտեան, Արիզոնայի Ս, Աբգար եկեղեցւոյ մէջ, Յիսուսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով, Ս. պատարագ մատուցանեց Սուրբ Էջմիածինի աւագերէց հոգեւորականներէն եւ Աւստրալիոյ նախկին առաջնորդ Հայկազուն արք. Նաճարեան, որ հիւրաբար կը գտնուի Արեւմտեան թեմը: Սրբազան հօր առընթերական էր Սուրբ Աբգար եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զաքարիա քհնյ. Սարիբեկեան: Պատարագին սպասարկութիւնը եւ երգեցողութիւնը կատարեցին եկեղեցւոյ սարկաւագները եւ դպիրները, հոծ բազմութեան ներկայութեան:
Նախքան քարոզը, հոգեւոր հովիւը ընթերցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին կողմէ Հայկազուն սրբազանին ուղղուած բարի գալուստի խօսքը՝ անոր մաղթելով քաջառողջ երկար կեանք:
Սուրբ Յարութեան տօնի իր քարոզին մէջ, Հայկազուն արք. Նաճարեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց թեմակալ առաջնորդին եւ արեւշատ ու արգասաբեր տարիներ մաղթեց անոր: Ապա սրբազանը փոխանցեց օրուան խորհուրդը՝ մաղթելով, որ Յարուցեալին օրինակը նաեւ կենդանի օրինակ ըլլայ իւրաքանչիւրիս համար, որպէսզի կերպարանափոխուինք եւ դառնանք նոր արարածներ:
Սրբազանը իր քարոզին աւարտին ջերմ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Աբգար եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զաքարիա քհնյ. Սարիբեկեանին, Ծխական խորհուրդին եւ յարակից մարմիններուն, մաղթելով, որ Յարութեան լոյսով առաջնորդուին եւ ծաղկազարդուին անոնց կեանքերը եւ եկեղեցանուէր բոլոր նախաձեռնութիւնները:
Պատարագին աւարտին «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց» շարականին երգեցողութեամբ սրբազանը, տէր հայրը եւ հաւատացեալները իրարու փոխանակեցին Սուրբ Յարութեան բարեմաղթութիւնները՝ հոգեւոր ուրախութեամբ միացած:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ