Խոյ (21 Մարտ – 19 Ապրիլ)
Եթէ հարցումներ ունիս՝ եղիր անվախ եւ առանց վարանելու հարցուր քեզմէ աւելի փորձառուին, այսպիսով պիտի կարենաս հասնիլ նպատակիդ: Եղիր իրապաշտ եւ անկեղծ, որպէսզի կարենաս հասկնալ խօսակիցներուդ միտքերը:
Բախտաւոր օր՝ Շաբաթ, բախտաւոր թիւ՝ 2
Ցուլ (20 Ապրիլ – 20 Մայիս)
Առանձին չես ապրիր, ո՛չ ալ մեկուսացած կղզիի մը մէջ կը գտնուիս, ուրեմն, նկատի առ նաեւ քեզի հետ ապրող անձերուն տեսակէտները, որպէսզի օրերդ ընթանան սիրալիր: Դուն քեզ պաշարած ես մտահոգութիւններով. զգոյշ եղիր:
Բախտաւոր օր՝ Կիրակի, բախտաւոր թիւ՝ 4
Երկուորեակ (21 Մայիս – 21 Յունիս)
Անձ մը, որ քեզի ծառայութիւն մը ընելու պարտաւոր է՝ կը տնտնայ: Մինչդեռ գործը ստիպողական է. համարձակութիւնը ունեցիր անոր յիշեցնելու իր գործը եւ զինք քիչ մը յառաջ մղէ: այդ բոլորը կատարէ զսպուած ջիղերով:
Բախտաւոր օր՝ Չորեքշաբթի, բախտաւոր թիւ՝ 9
Խեցգետին (22 Յունիս – 22 Յուլիս)
Սիրելիի մը կողքին դուն քեզ լաւ զգալու համար, պէտք է ճաշակդ հաշտեցնես իր ճաշակին եւ ըմբռնումներուն: Այս օրերուն նաեւ բազմաթիւ միջադէպեր պիտի արգիլեն որոշած գործերուդ իրագործումը. մի յուսահատիր:
Բախտաւոր օր՝ Շաբաթ, բախտաւոր թիւ՝ 16
Առիւծ (23 Յուլիս – 22 Օգոստոս)
Պիտի ստանաս հաշուեցոյց մը, որ իբրեւ գումար բարձր չէ այնքան, որքան կը կարծէիր: Այս իրողութիւնը միտքդ պիտի հանգստացնէ: Ասիկա ամսուան լաւագոյն շաբաթը պիտի ըլլայ քեզի եւ սիրելիիդ համար:
Բախտաւոր օր՝ Կիրակի, բախտաւոր թիւ՝ 39
Կոյս (23 Օգոստոս – 22 Սեպտեմբեր)
Եթէ անգործ ես՝ լաւ կարելիութիւններ պիտի ստեղծուին: Պիտի ստորագրես համաձայնագիր մը, որուն այնքան կը ձգտէիր: Օրերդ փայլուն պիտի ըլլան: Պիտի ունենաս դրամական անսպասելի շահեր:
Բախտաւոր օր՝ Չորեքշաբթի, բախտաւոր թիւ՝ 17
Կշիռք (23 Սեպտեմբեր – 23 Հոկտեմբեր)
Այս շաբաթ հոգ մը վրայէդ պիտի նետես եւ շաբաթավերջին պիտի զգաս թեթեւ ու հանդարտ տրամադրութիւն մը: Հմայքդ մեծ ազդեցութիւն պիտի գործէ շրջապատիդ վրայ: Պէտք է հպարտ զգաս:
Բախտաւոր օր՝ Կիրակի, բախտաւոր թիւ՝14
Կարիճ (24 Հոկտեմբեր – 21 Նոյեմբեր)
Այս օրերուն շատ պէտք ունիս ուրիշներու խորհուրդին, սակայն ոչ ոք տրամադիր է քեզի ճամբայ մը ցոյց տալու: Դուն քեզ լքուած պիտի զգաս, բայց մի՛ վհատիր: Երբեմն հարցերուն պէտք է մօտենալ իրենց պահանջած ձեւով, եւ ոչ՝ ըստ քու կամքին:
Բախտաւոր օր՝ Ուրբաթ, բախտաւոր թիւ՝ 29
Աղեղնաւոր (22 Նոյեմբեր – 21 Դեկտեմբեր )
Այս շաբաթ ցոյց պիտի տաս կարողութիւններդ եւ պիտի զարմացնես բոլորը, առ այդ, պիտի ունենաս անակնկալ եկամուտ մը: Մարզանքներդ շարունակէ: Շուտով բարի լուրերով պիտի շրջապատուիս:
Բախտաւոր օր՝ Երկուշաբթի, բախտաւոր թիւ՝ 26
Այծեղջիւր (22 Դեկտեմբեր – 19 Յունուար)
Ոչ մէկ անփութութիւն կամ աշխատանքի անտարբերութիւն ցուցաբերէ, որովհետեւ մարդիկ կրնան քու մասին տարբեր մտածումներ ունենալ: Օրերդ յարմար են բարեկամներով շրջապատուելու: Եղիր ընկերասէր: Դրամ փոխ մի՛ տար որեւէ մէկուն:
Բախտաւոր օր՝ Երեքշաբթի, բախտաւոր թիւ՝ 15
Ծովանոյշ (20 Յունուար – 19 Փետրուար)
Շատ մօտիկ անձ մը քեզի պիտի օգնէ եւ բոլոր հարցերուդ լուծումին մէջ մեծ դերակատարութիւն պիտի ունենայ: Երախտապարտ ըլլալու չմոռնաս: Շուտով լաւ լուրեր պիտի ստանաս:
Բախտաւոր օր՝ Երկուշաբթի, բախտաւոր թիւ՝ 1
Ձուկ (20 Փետրուար – 20 Մարտ )
Օրերդ պիտի բերեն անակնկալ բարիքներ, որոնց մասին բնաւ չէիր մտածած: Շատ գոհ պիտի մնաս այս շաբթուան ունեցած շահէդ: Երանելի եւ բախտաւոր օրեր պիտի ապրիս:
Բախտաւոր օր՝ Հինգշաբթի, բախտաւոր թիւ՝ 36