Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Նովրուզի տօնին առիթով շնորհաւորական նամակ մը յղեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին։ «Կը գնահատեմ Ատրպէյճանի աջակցութիւնը եւ բարեկամական յարաբերութիւնները մեր գործընկեր Իսրայէլի հետ եւ կ՛ողջունեմ այն քայլերը, որոնք ձեր երկիրը եւ Հայաստան կը ձեռնարկեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ: Կը սպասեմ միացեալ աշխատանքի, երբ մեր երկիրները արագօրէն պիտի ուղղուին դէպի յաջողութիւն: Միացեալ Նահանգները կը մնայ Ատրպէյճանի գերիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հետեւողական պաշտպանը», կ՛ըսուի Թրամփի նամակին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.