Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտիոն Սահեր, մեկնաբանելով Ապու Տապիի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ իր հանդիպումը՝ յայտնեց, թէ Իսրայէլ պիտի շարունակէ ամրապնդել Ատրպէյճանի հետ ռազմավարական իր յարաբերութիւնները:
«Հիանալի հանդիպում մը ընկերոջս՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, այս անգամ Ապու Տապիի մէջ, ուր քննարկեցինք նիւթերու լայն շրջանակ մը: Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կ՛ընդլայնին եւ կը ներառեն ռազմավարական, դիւանագիտական, տնտեսական, ուժանիւթային եւ այլ հարթութիւններ: Մենք պիտի շարունակենք զանոնք ամրապնդել», ըսաւ Սահեր: