Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու գծով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնօ 3 Ապրիլին, Երեւանի մէջ ունեցած տեսակցութիւններուն ընթացքին քննարկեց Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի իրավիճակին, մասնաւորաբար՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յատկապէս լուսարձակի տակ առնուեցաւ «Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին» համաձայնագիրի նախագիծի համաձայնեցման փաստը: Փաշինեան ընդգծեց Հայաստանի կառավարութեան՝ խաղաղութեան օրակարգին նկատմամբ հաւատարմութիւնը:
Կրոնօ կարեւոր նկատեց համաձայնագիրին ստորագրութիւնը եւ յայտնեց, թէ ինք համոզուած է, որ անիկա պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման:
Կողմերը անդրադարձան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ Եւրոպական Միութեան օժանդակութեամբ Հաայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացման վերաբերող հարցերու:
Կրոնօ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկեց տարածաշրջանային հարցեր եւ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին՝ Միրզոյեան ընդգծեց երկարատեւ բանակցութիւններէն ետք համաձայնեցուած՝ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին պայմանագիրի ստորագրութեան կարեւորութիւնը: Անոնք խօսեցան նաեւ կարգաւորման՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման բաղադրիչներուն մասին, որոնց կարգին Միրզոյեան վկայակոչեց միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներու վրայ կառուցուած՝ Հայաստանի յստակ առաջարկները:
Միրզոյեան եւ Կրոնօ քննարկեցին նաեւ մարդասիրական բնոյթի հարցեր, որոնց կարգին՝ անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրներուն եւ հայ ռազմագերիներու ու պահուող քաղաքացիներու վերադարձի հարցին հասցէագրումը:
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործընկերութեան խորացման գծով իրականացուող քայլերը, որոնց կարգին՝ ներկայ գործիքակազմը առաւելագոյնս արդիւնաւէտ կերպով իրականացնելու միջոցով:
Կրոնօ տեսակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ, որ յայտնեց, թէ Հայաստան պատրաստ է շուտափոյթ կնքելու խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ տարածաշրջանը պիտի ուղղէ դէպի յարատեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն: Անոնք անդրադարձան նաեւ Հարաւային Կովկասի ապահովական իրավիճակին, եւ մարտահրաւէրներուն ու միտքեր փոխանակեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ: