Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակման գործընթացը կանգ առած է Արեւմուտքի կործանարար ազդեցութեան պատճառով, ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի դիրքորոշումը նոյնպէս յաճախ հարցեր կը յառաջացնէ։
«Մենք կը տեսնենք արեւմտեան երկիրներու կործանարար ազդեցութիւնը, եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն դիրքորոշումը, որ երբեմն եւ ոչ հազուադէպ, մեզի համար հարցեր կը յառաջացնէ: Այս երկու գործօններուն պատճառով, Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներու խումբին մէջ համագործակցութիւնը կանգ առած է: Եռակողմ համագործակցութեան կարելի եղածին չափ շուտ վերսկսիլը ոչ միայն պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի երթեւեկի եւ գումակային համակարգի վերականգնման, այլ նաեւ պիտի ապահովէ ամբողջ Հայաստանի հետագայ զարգացումը», յայտնեց Զախարովա: