Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ: Հանդիպումին ընթացքին անոնք քննարկեցին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը:
Նոյն հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցաւ Կազայի մէջ մնայուն զինադադարի հաստատման կարեւորութիւնը եւ այդ հարցին անհրաժեշտութիւնը տարածաշրջանային խաղաղութեան համար:
Քննարկուեցան նաեւ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ զինադադարի հասնելու ջանքերը: