Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց «Թուրքիոյ մէջ Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի եւ այլ անձնաւորութիւններու բանտ դրուիլը»` նշելով, որ այդ քայլը «ժողովրդավարութեան նկատմամբ վտանգաւոր ոտնձգութիւն է», ինչպէս նաեւ յիշեցնելով, որ Թուրքիա պէտք է յարգէ ընդդիմութեան ընտրուած ներկայացուցիչներու իրաւունքները:
«Այդ յանձնառութիւնները յարգելը մեր յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ հիմնական տարր է», ըսաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փասքալ Քոնֆարօ՝ աւելցնելով որ Թուրքիա` իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու, «ազատօրէն որդեգրեց այդ առնչութեամբ իր յանձնառութիւնները»: