20 Մարտին, մինչ վարչապետին գլխաւորութեամբ կառավարութեան նիստին ընթացքին կը քննարկուէին մշակութային եւ կրթական հարցեր, շէնքին դիմաց, Պաքուի բանտին մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը Հայաստանի օրակարգի առաջնային հարցը դարձնելու պահանջ կը հնչէր՝ «Ապրելու Երկիր» կուսակցութեան, կարգ մը գործիչներու ու գերիներու հարազատներուն կողմէ:
Ցուցարարները կառավարութենէն կը պահանջէին պատասխանել այն հարցումին, թէ ի՛նչ հաշտութիւն եւ խաղաղութեան պայմանագիրի մասին կը խօսին, երբ Պաքուի բանտերուն մէջ շինծու մեղադրանքներով եւ կեղծ դատավարութեամբ հայեր կը դատուին:
«Սա համամարդկային հարց է, այստեղ որեւէ պետութիւն չկայ, որ 2րդ կարծիք ունի, որ գերիները պէտք է վերադարձուեն, ուղղակի Հայաստանի իշխանութիւններն օրակարգից հանել են, պիտի պահէին օրակարգում, պիտի բանագնացներ ունենային այս հարցով բանակցելու, քննարկելու, սա պիտի խաղաղութեան օրակարգի կարեւորագոյն պայման լինէր, բայց նրանք ամբողջութեամբ հանել են», ըսաւ «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան նախագահ Մանէ Թանդիլեան:
Հակառակ անոր որ իշխանութենէն կը յայտնեն, որ աշխատանք կը տանին այս ուղղութեամբ, սակայն, ցուցարարները իշխանութեան աշխատանքը գոհացուցիչ չնկատեցին, իսկ Թանդիլեան պնդեց, որ իշխանութիւնը այս նիւթը մոռացութեան մատնելու հակում ունի, իսկ իրենք պիտի փորձեն այս նիւթը օրակարգի վրայ պահել:
«Սփիւռքում գործող տարբեր կազմակերպութիւններ, լոբբիստական խմբեր, նաեւ տարբեր կառոյցներ միջազգային, որոնց հետ մենք շփւում ենք, ասում են՝ ձեր իշխանութիւնների օրակարգում սա չկայ, մենք կարող ենք աջակցել, բայց չենք կարող մենք լինել սրա առաջ տանողը: Ասէք՝ քանի՞ անգամ են հանդիպել պատանդների ընտանիքների հետ, քանի՞ անգամ, եթէ ասելիք ունեն, ներկայացնելու բան ունեն, թող պատմեն՝ ինչ են արել, ընտանիքների հետ պէտք է ամէնօրեան կապի մէջ լինէին նրանք, ենթադրենք, եթէ ոչ բոլորն է հրապարակային, իսկ ընտանիքներին կարո՞ղ էիք ասել, թէ՝ ոչ», նշեց Թանդիլեան:
Ցուցարարները դէմ են միջազգային ատեաններէն Ատրպէյճանի դէմ հայցերը յետս կոչելուն, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրի կէտերէն մէկն է: «Դրանք հայցեր են, որոնք ուղղուած են մարդու իրաւունքների դէմ իրականացուած յանցագործութիւններին, դրանք իրականացնողները պէտք է պատժուեն, եթէ պատժուած լինէին, այսօր Բաքւում հայեր չէին խոշտանգուի», յայտնեց «Ապրելու Երկիր» կուսակցութեան անդամ Դաւիթ Մանուկեան:
Ասոր զուգահեռ, Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը Հայաստանի թիւ մէկ օրակարգը դարձնելու պահանջով ստորագրահաւաք կազմակերպուած է: 3500 ստորագրութիւններ ներկայացուած են կառավարութեան: Ըստ ստորագրահաւաքին նախաձեռնած Լոռի Ենիգոմշեանի՝ անհրաժեշտ քայլերը առաջարկած է Պաքուի մէջ դատուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբան Ճերըտ Կենսըր։