ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժշկուհի Էլիզա Մելքոն ծնած է Թուրքիա, 1889ին: Ան ականատես եղած է թուրքերուն ձեռքով կատարուած Ատանայի ջարդերուն, 1895ին: Ան Միացեալ Նահանգներ գաղթած է 1898ին եւ ապրած է Մեսեչուսեց նահանգին մէջ:
1912ին, ան եղած է առաջին հայ ուսանողուհին, որ յաճախած է Tufts համալսարանի Բժշկական դպրոցը: Ան աւարտած է Բժշկական դպրոցը 1916ին եւ վկայուած է համապատասխան վկայականով: Վկայուելէ ետք, ան հաստատած է իր սեփական դարմանատունը Պոսթընի մէջ: Ան 1922ին աշխատած է New England հիւանդանոցի մանուկներու եւ կիներու բաժանմունքին մէջ, ուր տեսած է հիւանդներ որոնք կը տառապէին սրունքներու խոցերէ եւ ընդլայնած երակներէ (varicose veins):
Ան դարմանած է այս հիւանդները գործածելով առաջին անգամ ըլլալով ներերակային սրսկում, յատուկ դեղով մը: Այս դարմանամիջոցը մեծ ընդունելութիւն գտած է ամբողջ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ սկսած է լայնօրէն գործածուիլ ամերիկացի բժիշկներուն կողմէ:
Այս դարմանամիջոցը ազատած է հազարաւոր հիւանդներ, որոնք անցեալին դատապարտուած էին սրունքներու հատումով (amputation):
Բժշկուհի Մելքոն մասնագիտացած է վիրաբուժութեան մէջ: Կատարած է հարիւրաւոր բարդ վիրահատումներ:
1971ին, ան հիմնած է բժշկական ուսանողներու կրթաթոշակի հիմնադրամ մը, նիւթապէս կարօտեալ եւ յաջողակ ուսանողներու համար:
Բժշկուհի Մելքոնի անունով կոչուած է Tufts համալսարանի սրահներէն մէկը:
Ան առաջին հայ կին բժշկուհին եղած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Բժշկուհի Էլիզա Մելքոն մահացած է 89 տարեկանին, Պելմոնթի մէջ, Մեսեչուսեց:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Eliza A. Melkon, M.D., Allergic Manifestations after the Injection Treatment of Varicose Veins, The New England Journl of Medecine, June 19, 1947.
2. Eliza Melkon, M.D., Anunner.com – Ճանաչենք Հայ Մեծերին։
3. Eliza Melkon, M.D., Treatment of Varicose Veins by the Injection Method, The New England Journl of Medecine, April 4, 1929.
4. Eliza Melkon Obit Boston Globe, Sep. 17, 1978.