Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատավարական շինծու նիստին ընթացքին յանկարծ յայտնուեցան այսպէս կոչուած «տուժողներ», որոնք նոյնիսկ «վկայութիւններ» տուին: Այս մասին կը գրեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«Նիուզ»ը կը յայտնէ, որ ատրպէյճանական «դատարանը» յատկապէս Ռուբէն Վարդանեանը կապած է Արցախի տարածքին ականներու պայթումներուն հետ։«Տուժողներէն իւրաքանչիւրը դատարանէն խնդրած է խստագոյն պատիժ սահմանել ամբաստանեալ Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ: Դատավարութիւնը պիտի շարունակուի 18 Մարտին», կը գրեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։