ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ, «Ռոյթըրզ».- Պուէնոս Այրէսի մէջ կայացող արհեստավարժ թենիսի «Թելեմեքս» մրցաշարքին մէջ առաջին դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան առաջին հանգրուանի մրցումներուն 6-3, 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց աւստրալիացի իր մրցակիցը՝ Փիթըր Լիւքզաքը, հասնելով երկրորդ հանգրուան: Մրցումը տեւեց 72 վայրկեան։
Աշխարհի մէջ 11րդ դասուած Նալպանտեան նախապէս երկու առիթով (2002 եւ 2003) հասած է այս մրցաշարքին քառորդ աւարտականին։
Նկարին մէջ, Նալպանտեան առաջին հանգրուանի մրցումին ընթացքին: