Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը դատապարտեց Երուսաղէմի իշխանութիւններուն` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Երուսաղէմի պատրիարքարանին կալուածները բռնագրաւելու փորձը՝ ընդգծելով, որ այս կրօնական ազատութեան խախտում է եւ կը սպառնայ Երուսաղէմի քրիստոնէական համայնքներուն:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, փրոֆ. Ճերի Փիլայ իր յայտարարութեան մէջ կ՛ըսէ, որ այս քայլը կը ստեղծէ վտանգաւոր նախադէպ մը:
«Կը դատապարտենք այս գործողութիւնը իբրեւ կրօնական ազատութեան դէմ աղաղակող ոտնձգութիւն եւ Երուսաղէմի սրբավայրերու կառավարման պատմական հաստատուած նախկին վիճակի անհանգստացնող խախտում», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։
Փիլայ կը շեշտէ, որ Հայոց պատրիարքարանը դարերով քրիստոնէական այլ հաստատութիւններուն հետ պահպանած է Սուրբ Երկրի ժառանգութիւնը՝ ծառայելով իբրեւ հաւատքի եւ արդարութեան փարոս: Ան կ՛ընդգծէ, որ պատրիարքարանին դէմ իրականացուող հարկադրական միջոցները ոչ միայն իրաւական եւ բարոյական ծաղրանք են, այլ նաեւ վտանգաւոր նախադէպ մը, որ կը սպառնայ Երուսաղէմի բոլոր քրիստոնէական հաստատութիւններուն:
«Այս անխոհեմ գործողութիւնը մէկ մասն է քրիստոնէական համայնքներուն դէմ եղած ճնշումներուն, հողային վէճերուն եւ ահաբեկման լայնածաւալ գործողութիւններուն, զորս Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը բազմաթիւ անգամներ դատապարտած է», կը յայտնէ Փիլայ:
Խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ Իսրայէլի կառավարութեան՝ անյապաղ սառեցնելու օտարման ընթացակարգերը եւ պահպանելու Երուսաղէմի միջազգայնօրէն ճանչցուած հաստատուած նախկին վիճակը:
Փիլայ նաեւ միջազգային հանրութիւնը, կրօնական եւ քաղաքական առաջնորդները յորդորեց վճռական քայլերու ձեռնարկելու` քրիստոնէական համայնքներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Սուրբ Երկիրը իբրեւ խաղաղութեան եւ համակեցութեան վայր պահպանելու համար: