Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին յայտնեց, որ Մոսկուա կ՛ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցային ձեռբերումները երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին գծով, նոյն ատեն ան ցաւով արձանագրեց, որ երթեւեկի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցով եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը «սառեցուած է»:
«Կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն, նախ եւ առաջ մեր հայ ընկերներուն՝ վերադառնալու այդ խումբի ծիրին մէջ գործունէութեան: Ռուսական կողմը միշտ պատրաստ է որեւէ տեսակի աջակցութիւն ցուցաբերելու կողմերուն, եթէ անոնք փափաքին», յայտնեց Կալուզին ։
Անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան հետ կապերը խորացնելու ՝Հայաստանի իշխանութիւններուն փորձերուն` ան Մոսկուայի պաշտօնական դիրքորոշումը կրկնեց, թէ՝ անկարելի է նոյն ատեն անդամակցիլ թէ՛ ԵԱՏՄին եւ թէ Եւրոպական Միութեան։
Կալուզին պնդեց, որ Պրիւքսէլ Երեւանէն արդէն կը պահանջէ քաղաքական հաւատարմութիւն, նաեւ՝ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու հարցին մէջ` անոր դիմաց «չխոստանալով որեւէ բան»:
«Եւ այս բոլորը տեղի կ՛ունենան այն կացութեան մէջ, որ ԵԱՏՄին Հայաստանի անդամակցութիւնը շօշափելի եւ զգալի երկարաժամկէտ օգուտներ կը բերէ՝ ԵԱՏՄի հետ առեւտուրի եւ ԵԱՏՄէն Հայաստան ներդրումներու յաւելման տեսքով», յայտարարեց Կալուզին։