Ատրպէյճանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Սապինա Ալիեւա Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջէ տեղեկութիւններ տրամադրել առաւել քան երեք տասնամեակ առաջ, Ղարաբաղի պատերազմին ընթացքին անհետ կորսուած ատրպէյճանցիներու ճակատագիրին մասին:
«Հայաստան պէտք է կատարէ միջազգային պայմանագիրներով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները, որոնց մաս կը կազմէ մեր հայրենակիցներու ճակատագիրներուն մասին տեղեկութիւնները գաղտնի չպահելը եւ ճշգրիտ տուեալներ ներկայացնել սպաննուած անձերու թաղուած վայրերուն մասին», յայտարարեց Ալիեւա:
Հայաստան 2020էն ետք Ատրպէյճանին փոխանցած է 44օրեայ պատերազմին մահացած 51 ատրպէյճանցիներու մարմիններ, ինչպէս նաեւ 1990ականներուն մահացած 140 ատրպէյճանցիներու ոսկորներ:
Երեւանի մէջ կասկածի տակ կը դնեն ատրպէյճանական կողմի նշած 4 հազար թիւը՝ շեշտելով, որ անհետ կորսուածներու ճշգրիտ թիւի ճշդումը երկար գործընթաց է:
Հայաստան իր կարգին շուրջ 1200 անհետ կորսուած անձերու հարց կը բարձրացնէ: Ըստ պաշտօնական տուեալներուն` 90ականներու սկիզբէն, անհետ կորսուած կը նկատուին 993 հայեր: 44օրեայ պատերազմէն ետք անհետ կորսուած են շուրջ 200 հայ զինուորներ: