Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըր Մարտունիի մէջ միացաւ դիտորդներուն եւ վերահսկեց իրավիճակը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հայկական կողմէն:
«Շնորհակալ եմ տեղացիներուն սուրճին եւ հիւրընկալութեան համար: Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը հպարտ է համայնքին վստահութեամբ եւ պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ տարածաշրջանին մէջ ապահովութեան երաշխաւորման», կ՛ըսուի առաքելութեան «Էքս»ի էջին վրայ կատարուած գրառման մէջ:
Յիշեցնենք, որ Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպանները 29 Յունուարին Պրիւքսէլի մէջ համաձայնութիւն տուին Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան վերաբերող որոշումին. եւրոպացի դիտորդները Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ պիտի մնան երկու տարի եւս՝ մինչեւ 19 Փետրուար 2027: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան արձագանգեց այս որոշումին՝ «Էքս»ի իր էջին վրայ գրելով. «Հայաստանը ողջունում է Եւրոպական Միութեան խորհրդի որոշումը՝ եւս երկու տարով երկարաձգելու Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան մանդատը (յանձնառութիւնը) Հայաստանում: Առաքելութիւնն ապացուցել է, որ տարածաշրջանում կայունութեան հիմնասիւներից մէկն է: Մենք բարձր ենք գնահատում Եւրոպական Միութեան իւրաքանչիւր անդամ պետութեան աջակցութիւնն ու նրանց մասնակցութիւնը