

Հինգշաբթի, 16 Յունուարի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներ Գեւիկ Պաղտասարեանի եւ Ճեք Հաճինեանի, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց ծանօթացման այցելութիւնը Կլենտէյլի հրշէջներու բաժանմունքի պետ Կրեկ Ֆիշի եւ տեղակալ Ճեֆ Պրուքսի: Այցելուներուն կ՛ընկերանար նոյն բաժանմունքի խորհուրդէն հայազգի անդամ Զաւէն Գազազեան:
Սրբազան հօր բարի գալուստի խօսքէն ետք, հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին հանդիպման առիթին համար, ծանօթացուցին իրենք զիրենք եւ իրենց աշխատանքի բնոյթն ու գործունէութեան դաշտը, ինչպէս նաեւ բաժանմունքին ստանձնած պատասխանատուութիւնները, գործելու եղանակը, հրշէջներու զոհողութեան ոգին եւ անոնց մարդասիրական ծառայութիւնը, ապա առողջութեան, ապահով կեցութեան եւ բարի օրերու ջերմ մաղթանքներով շնորհաւորեցին առաջնորդին՝ իր պաշտօնին ընտրութիւնը եւ Ամանորն ու Ս. Ծնունդը:
Գեղամ արքեպիսկոպոսը իր կարգին, բարձր գնահատեց հրշէջներուն գործունէութիւնը՝ անձնազոհութեան գնով մարդկային կեանքեր եւ ունեցուածք կորուստէ փրկելու, բռնկած տուն, կառոյց ու շրջան կրակի ճարակէն ազատելու առումով եւ ընդգծեց այս վտանգաւոր ասպարէզին աստուածահաճոյ բնոյթը եւ մարդասիրական նկարագիրը, իր խօսքին մէջ օրինակ բերելով վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին Լոս Անճելըսի մէջ ծագած հրդեհները մարելու համար հրշէջներուն ցուցաբերած յոյժ գնահատելի եւ գերմարդկային ճիգը եւ անձնազոհութիւնը, նոյն ատեն ցաւ յայտնելով կրակին պատճառած մարդկային զոհերուն եւ հսկայական աւերներուն համար:
Հուսկ, առաջնորդը բարի եւ առողջ տարիներ մաղթեց Ֆիշին եւ Պրուքսին՝ յուսալով, որ Լոս Անճելըսի հրդեհներու տարողութեամբ ցաւալի նոր պատահարներ չեն կրկնուիր այս երկրին մէջ եւ յորդորեց հիւրերը Աստուծմով միշտ ըլլալ լաւատես: