ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Հայ երիտասարդութիւնը հայ ազգի ողնաշարն ու զօրութիւնն է եւ անոր վստահիլը, յենուիլը՝ յաջողութեան կ՛առաջնորդէ, իսկ անտեսելը՝ հիասթափութեան եւ ձախողութեան կը մատնէ: Առանց լաւապէս պատրաստուած երիտասարդութեան, համայնքը անդամալոյծ կը դառնայ եւ նմանապէս երկիրը։
Երբ խօսքը հայ երիտասարդութեան մասին է, պէտք է նկատի առնել Հայաստանի մէջ ապրողները եւ Սփիւռքի հայ երիտասարդութիւնը։ Հայրենիքի մէջ ծնած եւ հոն ապրող երիտասարդները կառչած են հայրենի հողին, բացի անոնցմէ մաս մը, փոքր թիւով, իսկ Սփիւռքի հայ երիտասարդները կամ հասած են իրենց վերջին հանգրուանին, մեծամասնութեամբ աւետեալ երկիրը Ամերիկա, Գանատա կամ Եւրոպա եւ այլուր, կամ ալ իրենց հերթին կը սպասեն․ բացառութիւններ ալ կան, սակայն մեր մտածումները բոլորին կը վերաբերի, բոլոր մեր զաւակներուն։
Բարձր ուսման ծախսերու հոգը, գործազրկութեան եւ ապագայի գալիք կեանքի վախը, ընտանիք կազմելու մտահոգութիւնները միշտ կան, մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ:
Պատերազմները մեծ ազդեցութիւն ունին երիտասարդներուն վրայ, նմանապէս քաղաքական խնդիրները եւ վէճերը։
Կասկածէ վեր է, որ ներկայիս Հայաստանի առջեւ կանգնած մարտահրաւէրները, որոնք կը բխին տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային զարգացումներէ եւ մարտահրաւէրներէ, Թուրքիոյ աջակցութեամբ, Ռուսիոյ եւ ուրիշներու լռութեամբ Արցախի կորուստը եւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի շարունակական սպառնալիքները, նոր իրավիճակ ստեղծած են․ այս մարտահրաւէրները իրենց ծանր ստուերն ու ամենամեծ բեռը ձգած են հայ երիտասարդութեան վրայ, մասնաւորապէս հայրենիքէն ներս։
Այդ բոլորը, հայրենիքի երիտասարդները գաղթի կ՛առաջնորդեն եւ ուղեղներու արտահոսքի ու վաստակաշատ մտքի գաղթի վտանգը միշտ կայ ու պիտի ըլլայ եւ հայրենիքին հետ անոնց կապերու խզումը տեղի պիտի ունենայ։
Վտանգը նաեւ մեծ է այն երիտասարդներուն համար, որոնք ծնած եւ մեծցած են Հայաստանէն դուրս, որովհետեւ այս խումբին մեծամասնութիւնը անտեղեակ է կամ շատ ծանօթ չէ հայոց պատմութեան ու մշակութային ժառանգութեան, թէեւ մեծ թիւով բացառութիւններ կան Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու եւ ուրիշ երկիրներու մէջ ծնած եւ ուսում ստացած երիտասարդներու մէջ։ Տեղին է յիշել, որ հայերէնի պահպանումն ալ մեծ մարտահրաւէր է Սփիւռքի երիտասարդներուն համար:
Ինչ կը վերաբերի ընդհանրապէս երիտասարդներու մշակութային մարտահրաւէրներուն, հայերէնը այսօր դէմ յանդիման է բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, որոնցմէ քանի մը հատ ներքին են, ինչպէս՝ արեւելահայերէնը, արեւմտահայերէնը եւ Մեսրոպեան «դասական» ու Աբեղեան ուղղագրութիւնները։ Նաեւ մեր հայկական հասարակութիւնները կը տառապին մշակութային ծանր ճգնաժամերէ, որ կը խեղաթիւրեն անոնց ինքնութիւնը եւ կը կրեն լուրջ հակասութիւններ ու սպառնալիքներ, ինչպիսին է արեւմտեան մշակոյթի տարածումը ամէնուրեք: Անոնց վրայ կ՛աւելնայ տարբեր մշակոյթներու եւ արեւմտեան քաղաքակրթութեան մուտքը մեր մշակոյթներու մէջ, որ երիտասարդները կ՛ենթարկէ այդ մշակոյթներու ազդեցութեան: Հայերէնը այսօր կը տառապի մեծ նեղութիւններէ, յատկապէս համացանցի տարածման, արհեստագիտութեան (technology) զարգացման, այլ լեզուներու գերազանցութեան եւ օտար տառերով խօսակցական հայերէնի տարածման պատճառով․ մարտահրաւէրները ներկայացուած են համաշխարհայնացումի (globalization) ուղիով, որուն նպատակները երբեք անմեղ չեն:
Մենք բոլորս ալ ազգովին պէտք է աշխատինք եւ լոյս սփռենք ժամանակակից մարտահրաւէրներու վրայ, անոնց պատճառներուն եւ կարելիութիւններուն վրայ: Պէտք է լաւագոյն մօտեցումը ունենանք երիտասարդութեան տարբեր հատուածներուն տարբեր կարիքներուն նկատմամբ եւ իւրաքանչիւր հատուածի կարիքներուն լուծում գտնենք: Երիտասարդները կը կարծեն, թէ իրենք անտեսուած են, իրենց լսող չկայ․ պէտք է գիտակցիլ, որ երիտասարդութիւնը ունի իրեն յոյսերն ու յաւակնութիւնները, ուստի մեծերը պէտք է յարմար առիթներ ստեղծեն անոնց ծրագիրները իրականացնելու համար.
Երիտասարդութիւնը կենսաղբիւր է, մարդկային դրամագլուխ է: Մենք բոլորս պէտք է համոզուինք եւ գիտակցինք այս փաստը: Ուստի կարեւոր է ներդրումներ կատարել եւ զարգացնել երիտասարդութիւնը: Մէկ կողմի ջանքերով կարելի չէ հասնիլ երիտասարդութեան հզօրացման, նոյնիսկ եթէ այդ կողմը պետութիւնն է. Հասարակութիւնը, որպէս ամբողջութիւն, պէտք է մասնակցի երիտասարդները լաւապէս պատրաստելու աշխատանքին, համագործակցելով կրթական հաստատութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու հետ.
Պէտք է նաեւ շփուիլ եւ օգուտ քաղել ներգաղթեալ երիտասարդներէն, որովհետեւ անոնք կանգնած են իրենց նոր հասարակութիւններուն յարմարելու եւ հայկական ինքնութիւնը պահպանելու երկընտրանքի առաջ: Ուստի անհրաժեշտութիւն կայ ուշադրութիւն դարձնել այս կարեւոր ուժին վրայ, որուն վրայ կարելի է յոյս դնել անհրաժեշտութեան ժամանակ։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է համագործակցութեան կամուրջներ կանգնեցնել եւ անոնց մօտ հայկական ինքնութիւնը ամրապնդել բոլոր հնարաւոր ուղիներով:
Ի վերջոյ, մենք կը նկատենք, որ հայ երիտասարդութեան հզօրացման կենսականութիւնը այլեւս իրականութիւն եւ ճշմարտութիւն է, որմէ տեղեակ չըլլալու պարագային աղէտներ եւ ճգնաժամեր պիտի յառաջանան հասարակութեան համար։
Երիտասարդութեան հզօրացումը հրատապ անհրաժեշտութիւն է այս կարեւոր մարդկային ուժէն օգտուելու համար, ուստի երիտասարդութիւնը պէտք է ըլլայ բեղմնաւոր եւ արդիւնաւէտ, եւ ոչ թէ կործանարար: Պարզ է որ երիտասարդները հզօրացնելու համար հասանելի միջոցները կը պահանջեն մեր ապրած վայրերուն մէջ, հայրենիքի կամ Սփիւռքի մէջ, հետեւաբար համապարփակ հասարակական վերածնունդ պէտք է: