
Երեւան չի հերքեր այն տեղեկութիւնը, ըստ որուն, յառաջիկայ օրերուն Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգները պիտի ստորագրեն ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր մը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 8 Յունուարին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, առանց փակագիծերը բանալու միայն յայտնեց, որ Հայաստան-Ամերիկա նախկին պայմանաւորուածութիւնները կ՛ենթադրեն այսպիսի փաստաթուղթի մը ստորագրութիւնը:
«Մենք ունենք ռազմավարական երկխօսութիւն, որը պայմանաւորուել էինք բարձրացնել ռազմավարական գործընկերութեան: Քննարկուող փաստաթուղթ կամ փաստաթղթեր այս մասին ի հարկէ կան, հէնց այդ յայտարարութիւնից դա է բխում, հանդիպում էլ է քննարկւում, նախատեսւում: Ինչ կը լինի դրա արդիւնքը` եթէ հետեւենք լրահոսին, կը տեսնենք», ըսաւ Միրզոյեան։
Ան չյստակացուց, թէ ե՛րբ եւ ո՛ւր տեղի պիտի ունենայ երկու երկիրներուն պաշտօնական պատուիրակութիւններուն հանդիպումը։
Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յաջորդ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ փաստաթուղթի մը ստորագրութեան լուրը, 7 Յունուարին Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքէն հրապարակած էր «Յանուն Հանրապետութեան» կուսակցութեան առաջնորդ Արման Բաբաջանեան` պնդելով, թէ համաձայնագիրը կը ներառէ քանի մը առանցքային ուղղութիւններ, որոնց կարգին՝ ապահովութեան ոլորտը եւ անիկա մասնաւորապէս կը խթանէ պաշտպանական համակարգերու արդիականացումը, միացեալ զօրավարժութիւնները եւ տարածաշրջանային կայունութեան նախաձեռնութիւնները` տալով Հայաստանին աւելի ամուր գործիքներ իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու համար:
Յայտնենք, որ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները ռազմավարական երկխօսութենէն վերածուեցան գործընկերութեան ամիսներ առաջ` արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմզ Օ՛պրայընի Երեւան տուած այցելութեան արդիւնքներուն հիման վրայ: Ըստ միացեալ յայտարարութեան` անիկա կ՛ենթադրէ աջակցութիւն Հայաստանի տնտեսական եւ ուժանիւթի դիմացկունութեան, համագործակցութեան ամրապնդում ապահովական եւ իրաւապահ ոլորտներուն մէջ եւ արդարադատութեան ու ժողովրդավարական կառոյցներու խթանում:
Պաշտպանութեան գծով յատկապէս անդրադարձ կատարուած էր ամերիկեան աջակցութեան դերակատարութեան՝ ոլորտի վերափոխման առումով, երկու երկիրներու բանակներուն կապերը, յիշատակուած էր «Արծիւ գործընկեր 2023» զօրավարժութիւնը, ինչպէս նաեւ պայմանաւորուածութիւնը երկկողմ պաշտպանական խորհրդակցութիւններ իրականացնելու: