Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած լուրը այն մասին, որ՝ իբր թէ 5 Յունուարին` երեկոյեան ժամը 10էն 10:10 երկարող ժամուն, «Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացին սահմանագօտիի հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած Ատրպէյճանի դիրքերուն ուղղութեամբ»։
Նախարարութիւնը հաստատեց, որ ասիկա ոչ մէկ կապ ունի իրականութեան հետ։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին աշխատակազմը առաջարկած էր յառաջացնել զինադադարի դրութեան խախտումի դէպքերու եւ/կամ այդ մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան Հայաստան-Ատրպէյճան միացեալ գործիքակազմ մը, որուն Ատրպէյճան մինչեւ օրս չէ արձագանգած: