Լուիզիանա նահանգի Նիւ Օրլինզ քաղաքին մէջ, Ամանորը տօնախմբող բազմութեան վրայ փոքր բեռնատարով մը եւ գնդացիրով իրագործուած ահաբեկչական յարձակում մը առնուազն 14 զոհեր եւ 35 վիրաւորներ խլեց։
Զբօսաշրջիկներով եւ տեղացիներով խճողուած քաղաքին Պըրպընի պողոտային վրայ, Թեքսաս ծնած ամերիկացի նախկին բանակային Շեմսըտտին Ճապպար նախ բազմութեան վրայ քշեց իր վարձած ինքնաշարժը, ապա անկէ դուրս գալով՝ սկսաւ կրակել. ան ոստիկաններուն հետ ընդհարումին զոհ գնաց։
Վիրաւորներուն մէջ կային նաեւ երկու ոստիկաններ։