Ըստ Ֆրանսական ռազմական հետախուզութեան զեկոյցին՝ Թուրքիա դիւրացուց Սուրիոյ ընդդիմութեան գործողութիւնները՝ վտանգելով Սուրիոյ մէջ Ասատի վարչակազմին ռազմական հաղորդակցութեան ենթակառոյցը։ Այս գործողութիւնները նաեւ չէզոքացուցին ռուսական Arakis եւ Azart ռատիօհամակարգերը, որոնք մեծապէս կ՛օգտագործուէին սուրիական վարչակազմին կողմէ:
Այս յաջողութեան բանալին, ըստ զեկոյցին, ASELSAN-ի Milkar եւ Ilgar համակարգերն են, որոնք մշակուած են Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան կողմէ: Մինչ Milkar-ը կը խափանէ թշնամիին հաղորդակցութիւնը, Ilgar-ը կը գործածուի իբրեւ շարժական ելեկտրոնային յարձակումի համակարգ։
Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիա ընդլայնած է ելեկտրոնային պատերազմի իր կարելիութիւնները Ուքրանիոյ մէջ գրաւուած ռուսական համակարգերու վերլուծման եւ ՆԱԹՕի անուղղակի աջակցութեան միջոցով։
Պաշտպանական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ Թուրքիոյ նորարարական քայլերը ոչ միայն ազդեցին եւ կը շարունակեն ազդել Սուրիոյ վրայ, այլեւ ռազմավարական առումով պատրաստ են ազդելու աւելի լայն տարածաշրջանի մը վրայ: