Ինչպէս անցեալին, շարունակելով աւանդութիւնը, Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15ին, Կլէնտէյլի Հայ սքուլի սրահը խուռներամ բազմութեան մը խանդավառ ներկայութեան ու յատուկ շուքով նշուեցաւ Դաշնակցութեան օրը, գլխաւոր բանախօս ունենալով Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ու ՀՀ նախագահական թեկնածու Վահան Յովհաննիսեանը։ Յարգելի գործիչը յատուկ առաքելութեամբ Երեւանէն Լոս Անճելըս ժամանեց՝ իր ներկայութեամբ մասնաւոր փայլք ու նշանակութիւն տալու հինաւուրց, սակայն միշտ կայտառ իր կուսակցութեան 117ամեակի անկիւնադարձային տօնակատարութիւններուն։
ՀՀ նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններու լոյսին տակ, անկիւնադարձային կոչեցինք այս տարուան տօնախմբութիւնները, երբ տասը տարուան լռութենէն եւ ինքնակամ մեկուսացումէն ետք, յանկարծ քաղաքական կրկէս իջաւ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ անմիջապէս իր եւ այժմու վարչապետ ու Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Սերժ Սարգիսեանի միջեւ սրիլ սկսաւ նախընտրական բուռն պայքար մը։
Տխուր այդ խորապատկերին դիմաց, հաւանականութիւններու սահմանին մէջ կ’իյնայ հետեւեալ սենարիոն, որուն զուգահեռը լիբանանեան նախագահական անելի մատնուած ընտրութիւններու քաղաքական-դիւանագիտական լպրծուն հարթակին վրայ կը խաղցուի։ Լիբանանի պարագային, կամ՝ քաոս ու քաղաքացիական կռիւներու վերսկսում, կամ ալ համախոհութիւն՝ երրորդ կողմի թեկնածուի մը շուրջ։
Այստեղ կը կարեւորուի ազգայնական եւ ընկերվար կուսակցութեան թեկնածուի մը շուրջ համախոհութեան հասնելու հրամայականը։ Հայաստանցի ընտրողը, զզուելով երկու գլխաւոր թեկնածուներու ցեխարձակումներէն եւ իրար մերկացնելու խուժանային հետզհետէ շիկացող արշաւէն, ի վերջոյ նախագահական պաշտօնին պիտի կանչէ այն կուսակցութեան թեկնածուն, որ իր ետին քաղաքական տարիներու օրինակելի եւ ազգանուէր գործունէութիւն ունի եւ իր կարգին կը խոստանայ վերջ տալ համատարած փտախտին, ընկերային արդարութիւն ներմուծել ու մեղմացնել հայրենի ժողովուրդին տնտեսական աննախանձելի վիճակը։
Ամիսներ առաջ, Տէր Պետրոսեանին այցելութիւնը Հայաստանի Դաշնակցութեան կեդրոնատեղին այդ կուսակցութեան դէմ անցեալի գործած իր զանցումներուն համար mea culpa գոչելէն աւելի, Սերժ Սարգսեանին դէմ իր թիկունքը պաշտպանելու հաշուարկուած եւ քիչ մը մաքիավելիութիւն բուրող խորամանկ քայլ մըն էր։
Շաբաթ երեկոյի հանդիսութեան միջոցին, երբ անհամբեր գլխաւոր բանախօսին ելոյթին կը սպասէինք, վստահ եմ, սրահին մէջ ներկայ հայորդիներէն ոմանք, ըլլան կուսակցական թէ համակիր եւ կամ ալ հետաքրքիր հանդիսատես, իրենց կարգին նման սենարիոյի մը կարելիութեան շուրջ կը մտորէին անպայման։
Արդէն Դեկտեմբեր 11ին օփերայի թատրոնի սրահին մէջ, Դաշնակցութեան օրուան իրենց ելոյթներով, Հայաստանի Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինի անդամ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՀ նախագահական թեկնածու եւ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան հետեւեալ խորհրդածութիւններով հանդէս եկած էին.
«Քաղաքական ուժ ես,- կը յայտարարէր Ռուստամեան,- եթէ դիմակայել ես ժամանակի մարտահրաւէրներին, պատմութեան փորձութիւններին։ Քաղաքական ուժ ես, երբ ժողովուրդն իր նպատակներին հասնելու համար քեզ ճանաչում է այդպիսի ուժ։ Քաղաքական ուժն իր ժողովուրդի կենսագրութեան անբաժան մասնիկն է. Դաշնակցութիւնն իր ամբողջ պատմութեան ընթացքում փաստել է սա»։
Իսկ նախագահական թեկնածու Վահան Յովհաննիսեան իր կարգին կ’ընդգծէր.
«Հարիւրամեակներ շարունակ հայ ժողովուրդը կորցրել էր ընդհանրական շահի գիտակցութիւնը՝ օտարի լուծի տակ, սեփական սխալների հետեւանքով եւ պատմութեան բերումով. ի հարկէ ժողովուրդը ցանկացած ժամանակահատուածում տուել է փայլուն զաւակներ, որոնք ապստամբել են, ստեղծագործել։ Ամենակարեւորը համահայկական շահի գիտակցութիւնն է։ Խոչընդոտներ միշտ էլ եղել են, սակայն այսօր հնարաւոր է հասնել դրան։ Հասկանալի է, սրան հասնելու համար ոչ թէ մէկ կուսակցութեան, այլ համազգային ջանքեր են պահանջւում»։
Իր ելոյթին մէջ Ռուստամեան Դաշնակցութիւնը կը բնորոշէ իբրեւ 117 տարու կեանք ու քաղաքական փորձ ունեցող կայացած ուժ, որուն կարելի է հայ ժողովուրդին ապագան վստահիլ։
Իսկ Յովհաննիսեան իր կարգին կը փորձէ հայ ժողովուրդին գիտակցութիւնը իր թմրած ու ենթակայական վիճակէն սթափեցնել։
Առանց իր գիտակցութեան զարթնումին, անիկա պիտի չկարենայ յաղթահարել խորհրդային կարգերէն ժառանգ մնացած լեռնացող իր բարդոյթները ու պիտի չկարենայ ապագայ մարտահրաւէրները գիտակցօրէն դիմագրաւել։ Առանց այդ գիտակցութեան, քուէատուփին առջեւ անիկա զգաստանալով պիտի չյաջողի իշխանութեան կոչել ազգային խորքով, մաքրակրօն, հետեւաբար արդարադատ ղեկավարութիւն։
Ուրբաթ երեկոյ, Փասատինայի Հայ կեդրոնի սրահը, մօտ վեց հարիւր անդամներու եւ համակիրներու մասնակցութեամբ հաճելի եւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ խրախճանք տօնակատարութեամբ սկսան 117ամեակի հանդիսութիւնները, որուն նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Բիւրոյի եւ ԿԿի անդամները։
Երիտասարդ, խոստմնալից երգիչ Վաչէ Յակոբեան երեկոյին յայտնութիւնը դարձաւ։ Իսկ յեղափոխական եւ ազգային երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան յուզեց ներկաները՝ թախծութիւն եւ խրոխտ հնչողութիւն տալով իր երգերուն։ Խօսք առաւ եւ ներկաները ողջունեց Վահան Յովհաննիսեան եւ հետեւեալ քանի մը խորհրդածութիւնները ըրաւ նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններու առնչութեամբ։
Ան սրտանց շնորհաւորեց Դաշնակցութեան շարքերը անցած նորագիր երիտասարդները, որոնք խուռներամ ներկայ էին խրախճանքին։ Ի վերջոյ անհեթեթ պիտի հնչէր կուսակցութեան մը 117ամեակի տօնակատարութիւնը առանց նորագիրներու, որ շարունակականութիւն կ’ենթադրէ։ Ապա, յարգելի հիւրը, Հայաստանի տարածքին յոբելեար իր կուսակցութեան ներկայութեան անդրադառնալով, աւելցուց.
«Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Հայաստանի ժողովուրդը որպէս լեգենդ է առել… չես կարող մինչեւ վերջ լեգենդ լինել։ Պետականաստեղծ կուսակցութիւն է Դաշնակցութիւնը…»: Անշուշտ, բանախօսը 1918ի անկախութեան եւ Ղարաբաղի գոյապայքարին Հ.Յ.Դ.ին բերած անժխտելի դերակատարութեան կ’ակնարկէր։
Վերադառնալով տօնակատարութեան գլխաւոր ձեռնարկին, ժամանակէն շատ առաջ հազարաւոր հայորդիներ փութացած էին Կլէնտէյլ Հայ սքուլի հանդիսասրահը եւ մինչեւ մուտքի դրան բացուիլը, բակը արդէն խուճապ սկսած էր…
Ժամը ճիշդ 6:30ին սկսաւ յայտագիրը՝ Վազգէն Մատէնլեանի հանդիսավարութեամբ։ Յատուկ շուքով սրահ մտաւ օրուան հիւր-բանախօսը՝ շրջապատուած իր հիւրընկալներով։
«Շամլեան» ազգ. վարժարանի կրտսերներու երգչախումբը կատարեց ամերիկեան ու հայկական օրհներգները, ներկաներէն բուռն ծափեր խլելով։
Իսկ «Մշակ բանուոր» քայլերգի կատարումը մասնաւորապէս այդ գիշեր յատուկ իմաստ մը կը զգենուր, խորհրդանիշով պարուրուած «Դաշնակցութեան ճամբայ բացէ՛ք»ի աւելի քան խօսուն պատգամով։
Վայրկեան մը յոտնկայս լռութիւն 117ամեայ պայքարի ճամբուն ինկած դաշնակցական մարտիկներու յիշատակին։
Հանդիսավար Մատէնլեան իր բացման խօսքին մէջ ի միջի այլոց ըսաւ.
«Դաշնակցութեան օրը հաշուետուութեան օր է։ Լաւատեսութեամբ կը մօտենանք ՀՀ յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան, որ քայլ մը առաջ պիտի տանի մեզ դէպի ժողովրդավարութիւն։ Գօտեպնդիչ է,-ըսաւ ան,- Երեւանի փողոցներուն մէջ հանդիպիլ սփիւռքահայ երիտասարդներու, որոնք անսալով Դաշնակցութեան «Դէպի երկիր» կարգախօսին, իրենց մասնագիտութիւնը ի սպաս կը դնեն հայրենիքի յառաջդիմութեան»։
Երիտասարդ դաշնակցականներու (AYF) գործունէութիւնը պատկերող վաւերագրական բաւական յաջող ժապաւէն մը ցուցադրուեցաւ։ Ներկաներուն յուզումը ակներեւ էր։
Իսկ երիտասարդական նոյն խմբակցութեան ներկայացուցիչը՝ Գասպար Ճիւէլէկեան, իր բոցավառ խօսքը աւարտեց այսպէս.
«110 տարիներ առաջ սկսած յեղափոխութիւնը կը շարունակուի եւ դեռ իր լրումին չէ հասած։ Սակայն ամէն վայրկեան, որ մեր կատարածի մասին խօսինք, ուրիշ վայրկեան մը կը զեղչենք սրբազան Գործէն»։ Մասնաւորապէս հայ ծնողներուն թելադրեց. «Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները հայկական ոգիով դաստիարակեցէ՛ք։ Միատեղ հայրենիք այցելեցէք ու մեր պահանջատիրութեան մէջ, ձեր ձայնը լսելի դարձուցէք ամբողջ աշխարհին»։
Թրուպատուր Արթիւր Մովսէսեան ելոյթ ունեցաւ իր կիթառի ընկերակցութեամբ։ Հայրենի սիրուած արուեստագէտը թախծոտ իր երգերով յուզեց ներկայ հասարակութիւնը։
Նազարէթ Աբանեան Կեդրոնական Կոմիտէութեան խօսքը փոխանցեց։ Ներկաներուն զօրակցութիւնը խնդրեց ան ՀՀ նախագահական ապագայ ընտրութիւններուն եւ երկարօրէն անդրադարձաւ ԱՄՆ Քոնկրէսին ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման 106րդ բանաձեւին եւ խօսքը ուղղելով «տատանուողներուն» եւ «ընկրկողներուն», Դաշնակցութեան ստանձնած յանձնառութեան մասին արտայայտուեցաւ եւ հետեւեալ հաստատումը կատարեց. «Դաշնակցութիւնը կրնայ սխալիլ, սակայն չի կրնար ձեռք չմեկնել, երբ հայութիւնը պէտք ունի իր օգնութեան…»: Ապա անիկա ընդգծեց Դաշնակցութեան ունեցած դերը Հայաստանի եւ գաղթաշխարհի մէջ։
Իրաւաբան ու քաղաքական ծանօթ մեկնաբան Սեդօ Պոյաճեան բեմ բարձրանալով ներկայացուց գլխաւոր բանախօս Վահան Յովհաննիսեանը։ Հայ Դատի ուղղութեամբ իրենց տարած աշխատանքներուն ակնարկելով, Պոյաճեան շեշտը դրաւ հանրապետութեան տրամադրուելիք ամերիկեան պետական վարկերու շարունակման բերած նպաստին եւ ազերիներու տրուած ԱՄՆ զինուորական օգնութեան Հայաստանի հետ հաւասարակշռութիւն պահպանելու իրենց ճիգերուն վրայ եւ ընդհանուր խանդավառութեան մէջ աւելցուց. «Մեզի յաջողուեցաւ պարտութեան մատնել Պուշ, Չէյնի եւ Ռայս հակահայ եռեակը…»:
Հուսկ ուրեմն, Ս. Պոյաճեան ներկայացուց Վահան Յովհաննիսեանը։
«Ընկեր Վահանը,- ըսաւ ան,- քաղաքական իր փորձառութիւնը ձեռք ձգեց Ղարաբաղի պատերազմին եւ Տէր Պետրոսեանական բանտերը…», եւ ներկայ հասարակութեան մօտ զարմանք եւ խնդուք առաջացնելով, քմծիծաղով աւելցուց ան. «Ընկեր Վահանը, ըստ պաշտօնական տուեալներու, ՀՀ նախագահական թեկնածուներուն մէջ ամէնէն հարուստն է…»:
Եւ ներկաները սկսան բացականչել. «Բա Սերժի՞կը, ապա Լեւո՞նը…»: Սակայն երբ ընդհանուր ծափերու մէջ Յովհաննիսեան բեմ բարձրացաւ, Սեդօ Պոյաճեանին հետ հրապարակային հարցազրոյց ունենալու, պէտք է խոստովանիլ, թէ անիկա պետական մարդու վայել լրջախոհութեամբ, ոչ մէկ աննպաստ արտայայտութիւն ունեցաւ նախագահական պաշտօնին ձգտող իր մրցակիցներու հասցէին։ Նոյնիսկ իր «դահճապետը» եղած Տէր Պետրոսեանին ասպետօրէն խնայեց։ Եւ իր քարիզմաթիք էութեամբ, հաճելի զրուցակիցի սրամտութեամբ պարուրուած պատասխաններով, հմայեց նոյնիսկ հայ հանդիսականներու ամէնէն սկեպտիկները։
«Ես,- ըսաւ,- սովորութիւն չունիմ նախագահութեան միւս յաւակնորդներուն ունեցածը հաշուելու…» Իսկ նախագահական նախորդ ընտրութիւններուն իր կուսակցութեան ձեռք բերած թոյլ արդիւնքներուն ակնարկելով աւելցուց. «Որպէս պայքարող քաղաքական կուսակցութիւն, Ղարաբաղի գոյապայքարի մէջ մեր անդամների մէկ ութերորդը կորցրել էինք եւ այդ ցաւալի իրողութիւնը ցնցեց մեզ իբրեւ կազմակերպութիւն։ Իսկ գալով Քոչարեանի կառավարութեան մեր մասնակցութեան, մեր կողմից ծայրայեղութիւնը ոչ մի օգուտ պիտի ունենար։ Սերժի ընտրութեամբ, ժողովուրդը վախենում է, որ մենաշնորհեալներից մէկը գնայ, միւսը՝ գայ։ Ժողովուրդը վախենում է ցնցումներից, ժողովուրդը իմաստուն է… Սոցիալիստական բնորդը կիրարկելու համար, բարեկեցութիւն է պէտք։ Պետութիւնը պէտք է բարգաւաճ լինի։ 11 տոկոս տնտեսական աճը, մեծ մասամբ շինարարութեան ենք պարտական։ Ժողովուրդի դրամը ներդնում է շինարարութեան եւ ծառայութիւնների մէջ։ Ինչո՞ւ արդիւնաբերութեան մէջ չեն դնում իրենց փողը։ Ինչի՞ց են վախենում… Կաշառակերների՞ց, պետական չինովնիկների՞ց»։
Իրաւաբան Սեդօ Պոյաճեան հարց դրաւ, թէ «ինչպէ՞ս դաշնակցական նախագահը կրնայ երկիր կառավարել արդիւնաւէտ կերպով, երբ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը ընդդիմադիր կուսակցութեան կը պատկանի»։
«Նախագահ ընտրուելով,- ըսաւ Յովհաննէսեան,- կուսակցական ապարատով պիտի չկառավարենք երկիրը, այլ Դաշնակցութեան մէջ հասունացած գաղափարներով»։
Ներկայ նախագահի ոչ ժողովրդական ըլլալու ակնարկութեան, հետեւեալ փիլիսոփայական պատասխանը տուաւ ան, ապշեցնելով ներկաները։
«Ասում են Ռոպերթը թուրքից, թաթարից էլ վատ է… այդպէս ասողները թուրքը մեր երկիրը բերեցին եւ եօթը դար չհեռացաւ։
«Պէտք չի ձեռք բերուած յաջողութիւններով միակողմանի զիջում կատարել ազերիներին։ Ատրպէյճանը ինչո՞ւ իր անելիք զիջումների մասին չի խօսում, պէտք է երկուստեք փոխզիջման գնանք»։
«Դաշնակցութիւնը հարց չունի Թուրքիայի հետ խօսելու։ Թուրքերը Դաշնակցութեանը աւելի լաւ են ճանչում։ Միայն Դաշնակցութիւնն է, որ կարող է Թուրքիային իր յստակ պահանջները դնել»։
Հարցազրոյցը վարող ընկերը հիւր-բանախօսին հարց տուաւ իր նախասիրութիւնը՝ երաժշտութեան, գրականութեան բնագաւառներուն մասին, եւ եթէ ընտանեկան յարկէն ներս ժամանակ ունի զաւակներուն հետ խաղալու:
«Մեծ տղաս 33 տարեկան է եւ հայկական բանակի սպայ, այ ընկեր Սեդօ, 33 տարեկան տղայի հետ ինչպէ՞ս կարելի է խաղալ…»: Այս հատուածը սրամտութեան մասն էր։
Ապա, աթոռէն վեր բարձրանալով բարձրախօսը վերցուց շնորհաւորելու ամերիկահայ ղեկավարութիւնն ու երեք կուսակցութիւնները, մշակութային միութիւնները՝ իրենց տարած հայապահպանման աշխատանքներուն համար։
«Վախենում էի, թէ այս գաղութները ձուլումի զոհ պիտի գնան, մինչդեռ Ամերիկայի համալսարաններում հայ տղաները մասնագիտանում են եւ փոխանակ օտար դեսպանատների առջեւ հերթի կանգնելու, հայկական դեսպանատուն են դիմում Հայաստան հաստատուելու եւ իրենց ներդրումը բերելու հայրենիքի զարգացման», ըսաւ ան։
Երեկոյեան ժամը 9ին վերջ գտաւ պաշտօնական տօնակատարութիւնը եւ բեմ հրաւիրուեցան Ներսիկ Իսպիրեան եւ Անահիտ Խաչիկեան, ազգային երգերով խանդավառելու համար առանց ատոր ալ խանդավառ ներկաները։
Ինծի ըկերակցող հայաստանցի մտաւորականը, Վահանը լսելէն ետք, հոգեփոխութիւն ապրեցաւ… եւ՝
«Շատ ուժեղ ա, սա կը ջարդի միւսներին…», ըսաւ առանց ներքին գոհունակութինը ծածկելու։