
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, մեկնաբանելով Պաքուի` այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի մասին յայտարարութիւններուն նկատմամբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կեցուածքը՝ յայտնեց, որ կ՛արժէ պաշտօնական Երեւանէն հետաքրքրուիլ, թէ ի՛նչ մօտեցում ունի այդպիսի յայտարարութիւններու նկատմամբ։
Ըստ Զախարովայի` Ռուսիոյ դիրքորոշումը յայտնի է եւ ամրագրուած է յատկապէս եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու մարդասիրական բաժինին մէջ:
«Մեր դիրքորոշումը կը հանդիսանայ բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու տարրերէն մէկը` անիկա մարդասիրական բաժինի քննարկումն է: Անիկա կը ներառէ տարբեր հարցեր, ինչպէս՝ գաղթականներու իրաւունքներու ապահովումը, մշակութային, պատմական, կրօնական ժառանգութեան յուշարձաններու պահպանումը, անոնց ապահով եւ ազատ մուտքի երաշխաւորումը, անյայտ կորսուածներու որոնումը, ռազմագերիներու եւ պահուող անձերու փոխանակումը: Մենք բազմաթիւ անգամներ նշած ենք մարդասիրական հարցերու գծով Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ երկխօսութեան վերականգնման կարեւորութիւնը», ըսաւ Զախարովա:
Ան ընդգծեց, որ Մոսկուա իր կողմէ պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու:
Նշենք, որ Պաքու «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կ՛անուանէ Հայաստանի գերիշխան տարածքը: