«Տեղահանուածներուն կոչ կ՛ուղղենք՝ իրենց երկիրը վերադառնալու, ներդրում կատարելու եւ նոր Սուրիոյ կառուցման մէջ մեզի մասնակից ըլլալու», յայտնեց Սուրիական փոխանցման կառավարութեան վարչապետ Մուհամմատ Պաշիր՝ վստահեցնելով, որ նախկին վարչակարգի կառավարութեան նախարարութիւններէն ստանձնած են պետութեան հաստատութիւնները:
«Մեր առաջնահերթութիւնը ծառայութիւնները պահպանելն է, ինչպէս նաեւ՝ երկրին մէջ կայունութիւն հաստատելը», ըսաւ Պաշիր` աւելցնելով. «Մեր հիմնական նպատակը քաոսի չմատնուիլն է եւ անոր մէջ յաջողեցանք: Միջազգային ընտանիքը պէտք է հաշուետուութեան ենթարկէ անցնող տարիներուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ ոճիրներ գործած անձերը»: Ան կոչ ըրաւ` Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցնելու եւ ապասառեցնելու սառեցուած գումարները:
Իր կարգին, «Հայըաթ Թահրիր Շամ»ի ղեկավար Ահմետ Շարհ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ այն, ինչը Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ, անիրաւուած սուրիացի ժողովուրդին անիրաւ ոճրագործին վրայ յաղթանակն է»:
«Պէտք է Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցնել, որպէսզի սուրիացիները իրենց տուները վերադառնան», շեշտեց Շարհ:
«Եւրոպական Միութեան Սուրիոյ մէջ առաքելութեան կեդրոնը պիտի վերաբացուի եւ ամբողջական կերպով պիտի վերականգնէ իր աշխատանքը», յայտարարեց Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան ծառայութիւնը:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս յայտարարեց, որ գերմանացի դիւանագէտներ առաջին անգամ ըլլալով Դամասկոսի մէջ սուրիական փոխանցման կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութիւններ վարած են: «Կը քննարկուին Դամասկոսի մէջ դիւանագիտական ներկայութեան կարելիութեան առիթները», յայտնեց վերոնշեալ նախարարութիւնը:
Միւս կողմէ, 2012էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Ֆրանսայի դրօշակը բարձրացաւ Դամասկոսի մէջ ֆրանսական դեսպանատան վրայ: Նախքան այդմ դիւանագիտական պատուիրակութիւն մը եկած էր Դամասկոս` հանդիպում մը ունենալու համար նոր իշխանութիւններուն հետ: Սուրիոյ մէջ ֆրանսական պատուիրակը յայտնեց, որ Ֆրանսա «սուրիացիներուն կողքին կը կանգնի»:
Վերջապէս, քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու տեղեկատուական կեդրոնի տնօրէն Ֆարհատ Շամի յայտնեց, որ Մընպեճ եւ Այն Արապ քաղաքներուն մէջ մնայուն զինադադար հաստատելու ամերիկեան միջնորդութեան ջանքերը ձախողած են: