Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեանի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի գաղթի ու ներքին գործոց գլխաւոր փոխտնօրէն Եոհանս Լուշների գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հանդիպումին ընթացքին տրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան գործառնական փուլին մեկնարկը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.