Միջազգային դատարանները շատ կարեւոր են ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն սահմանելու համար, որովհետեւ ասոնք այն միակ գործիքներն են, զորս մենք ունինք, ըսաւ Միջազգային իրաւական հարցերու գծով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 5րդ միջազգային համաժողովին ընթացքին։
Ըստ անոր՝ Հայաստանի մէջ մարդիկ այնքան ալ լաւ չեն պատկերացներ Հռոմի կանոնադրութեան միանալու պատճառները, որովհետեւ այս միացումէն ակնկալութիւնները բաւական բարձր էին:
«Բայց սա բաւականին սպեցիֆիկ (յատուկ) է, պէտք է մարդկանց բացատրել, թէ ի՛նչ է անում այդ դատարանը: Ես հաւատում եմ, որ Միջազգային քրէական դատարանը եւ Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանը շատ մեծ ազդեցութիւն են ունենալու, թէ ինչպէս է այդ երկիրն իրեն պահում, քանի որ Միջազգային քրէական դատարանը նաեւ ցոյց է տալիս անհատական քրէական պատասխանատուութիւն մարդկանց համար ովքեր ղեկավարում են այդ երկրները: Կարծում եմ` այս օրէնսդրութիւնը կարող է ունենալ շատ աւելի լաւ ազդեցութիւն երկրի պահուածքի վրայ», դիտել տուաւ Կիրակոսեան: