
«Գանձասար»ը կը հաղորդէ, որ Քեսապի ապահովական կացութիւնը հանդարտ է, բայց զգալի է որոշ անորոշութեան մթնոլորտ մը: Գիւղական գործի եղանակ չըլլալուն եւ ձմեռ ըլլալուն պատճառով` ժողովուրդին մեծամասնութիւնը օրուան մեծ մասը կ՛անցընէ տան մէջ: Դպրոցները կը մնան փակ: Դէպի Լաթաքիա եւ հակառակ ուղղութեամբ երթեւեկութիւնը թոյլ է:
Գրեթէ բոլոր ընտանիքները ապրուստի հոգ ունին այս կամ այն չափով: Այս տարուան պտղաբերքը գոհացուցիչ չէր, այդ պատճառով, շատ մը ընտանիքներ արդէն քիչ եկամուտ ունեցած էին: Սղաճը վիճակը աւելիով վատթարացուցած էր, իսկ վերջին իրադարձութիւններուն բերումով մարդիկ սկսած են ա՛լ աւելի խնայողութիւն ընել` գալիք օրերու հաշիւը ընելով: Մարդիկ գրեթէ առանց բացառութեան ձմեռնային որոշ պաշար ունին` իրենց սեփական պարտէզներու բերքէն պատրաստուած:
Խանութներու մէջ ապրանք կայ, սակայն ոչ նախկին առատութեամբ:
Երկու անգամ ժողովուրդին հաց բաշխուեցաւ երկրի ներկայ կառավարիչներուն կողմէ:
Միութենական կեանքը սառած վիճակ կը պարզէ:
Կան Հալէպէն Քեսապ կայք հաստատած ընտանիքներ: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին քով արձանագրուած են ինը ընտանիքներ:
Չարձանագրուողներ ալ կան: Բոլորն ալ այնտեղ ունին սեփական տուն կամ իջեւանած են հարազատներու մօտ. անոնք մտադիր են առաջին առիթով վերադառնալ Հալէպ: