12 Դեկտեմբերին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցան Հայաստան-Իտալիա պաշտպանութեան բնագաւառին վերաբերող խորհրդակցութիւնները՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի եւ Իտալիոյ զինուած ուժերու Գերագոյն շտապի միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ, գնդապետ Մաթիա Զուցիի գլխաւորութեամբ:
Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան 2024ի համագործակցութեան ծիրին մէջ կատարուած աշխատանքները, եւ ծրագիրի յաջորդ տարուան ընելիքները:
Կողմերը իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին համագործակցութեան ընթացքին վերաբերեալ, որ վերջին տարիներուն ընդարձակուած է՝ ընդգրկելով նոր ոլորտներ:
Այվազեան իր պաշտօնակիցներուն ներկայացուց բանակի կերպափոխման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն ընթացքը:
Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային շարք մը հարցերու շուրջ:
Խորհրդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ ստորագրուեցաւ Հայաստան-Իտալիա պաշտպանական համագործակցութեան 2025ի ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէ շարք մը նախաձեռնութիւններու փորձառութեան փոխանակում՝ զանազան ուղղութիւններով պատրաստութեան, ռազմական կրթութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ: