
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ԶՐԿԱՆՔԻ ԵՐԳԵՐ

Դժուար էր հաւատալ, թէ հայոց հարուստ լեզուի հարուստ բառապաշարը կրնար ունենալ բառ մը, որ զուրկ է յոյսէ, լոյսէ, ինչպէս նաեւ՝ գիրկէ, յանգէ եւ խունկէ, ըստ քանի մը քնարերգակ բանաստեղծներու: Այսօր, երբ աշակերտներս երգի փորձի մը մէջ կը հնչեն Յովհաննէս Թումանեանի բառերը՝ «Զարկուած հայրենիք, զրկուած հայրենիք», որոշեցի գրի առնել «զուրկ» բառին գրական պատմութիւնը եւ մտաբերել հայոց հին ու նոր զրկանքները: Քաղուածքս գրի առնելու համար հարկ պիտի ըլլայ պտոյտ մը կատարելու մեր երկրի սարերուն վրայ, ձորերուն մէջ: Այս սպառիչ ճանապարհորդութեանս ընթացքին, ինծի պիտի ուղեկցին պատմական քանի մը դէմքեր՝ երկրիս պատմութեան, հողին, քարին եւ ծառին ծանօթ այրեր: Իսկ երբ յօդուածս հասնի իր աւարտին, թող ըլլայ բովանդակալից եւ չկոչուի շնորհազուրկ կամ իմաստազուրկ՝ նպատակազուրկ ճիգ մը լոկ:
ԽՆԿԱԶՈՒՐԿ ԵՐԿԻՐԸ
Մենք երկար ժամանակ արդէն կը զգայինք, թէ Հայաստան զուրկ է պաշարներէ: Այդ կարծիքը վերածուեցաւ գրաւոր ճշմարտութեան, երբ քանի մը խղճամիտ հայորդիներ, վշտահար՝ դիտեցին մեր երկիրը եւ ողբացին: Առաջինը Ստեփանոս եպիսկոպոս Օրբելեանն էր, Սիւնիքի պատմութեան հեղինակը: Ան խօսեցաւ դաժան զրկանքներու մասին՝ գրելով «Սիւնիքի իշխանութիւնը խանգարուեցաւ պարսից թագաւորներու կողմէ, երկիրը մնաց անիշխան, ամայի եւ զուրկ ամէն տեսակի բարենորոգումներէ»: Հ. Ղեւոնդ Ալիշան նկատեց Աղթամարի մերկութիւնը եւ զայն կոչեց՝ «բուսաբերութենէ զուրկ»: Ռուբէն Սեւակ, անգիտակ, թէ տարի մը ետք պիտի զրկուէր իր քաղցր կեանքէն, նկարագրեց աւերուած Հայաստանը. «Մատուռներն աւե՜ր, զրկուած խունկէ»: Իսկ Աւետիք Իսահակեան իր «Հացի Երգը» քերթուածին մէջ բողոքեց. «Հերի՛ք մնանք աղքատ ու զուրկ»:
ԶՈՒՐԿ ԵՄ ԱՆԳԻՆ ԳԱՆՁԷ
«Սիրաք Եւ Մանուէլ» կրթական աշխատասիրութեան մէջ, Խրիմեան Հայրիկ երկու խումբի բաժնեց մարդ արարածները. լուսամիտ եւ ո՛չ լուսաւոր: Վերջինները, ըստ Հայրիկի, աշխարհի արտաքին երեսը կը տեսնեն, անոնք ծանօթ չեն բնական եւ բարոյական օրէնքներուն. «Մարդիկ կան, որ կը շրջին աշխարհիս վերայ, կը տեսնան որ չեն տեսնար. այս մարդիկ մտաւորական լոյսէն զուրկ են»: 1475ին, Բաղէշ քաղաքը ծնած տաղասաց, գրիչ, կազմարար, մանրանկարիչ եւ Մշոյ Առաքելոց վանքի վանահայր Կարապետ Բաղիշեցի օր մը ինքնաքննադատական տաղ մը գրի առաւ եւ ըսաւ. «Եւ Կարապետ կոչն իմ անուան, / Ի սուրբ գործոց զուրկ եւ ունայն»: Այդ տաղին մէջ Բաղիշեցի ինքզինք նաեւ կոչեց «անարժան» եւ «անպիտան»: Իսկ Ալեքսանդր Ծատուրեան դար մը առաջ քառեակով մը մեզի յիշեցուց պատիւի արժէքը. «Ասում են, մարդս պէտք է իր անձից / Միշտ բարձր դասի պատիւն անարատ, / Եւ ով զրկուած է այդ անգին գանձից, / Նա՛ է կեանքի մէջ ամէնից աղքատ»:
ԱՊՐԻԼ ԳԻՐԿԷԴ ԶՈՒՐԿ
Կը կարծէինք, թէ հարուստ է բանաստեղծի մը ներաշխարհը: Իր աշխարհահայեացքով եւ կեցուածքով հաստատուն է ան եւ անխոցելի: Սակայն, գրականագէտ, հայկական դասական քնարերգութիւնը խորապէս ուսումնասիրած բանասէր այր մը՝ Լեւոն Մկրտչեան, հակառակը պնդեց՝ բոլորս զարմացնելով. «Բանաստեղծները խոցելի են, քանզի զուրկ են առօրեայ կեանքում կողմնորոշուելու ունակութիւնից, նրանք չեն կարող ապրել իրենց համար»: Պետրոս Դուրեան, մեր ամէնէն խոցելի բանաստեղծներէն մէկը, կոյսի մը ուղղուած քերթուածին մէջ գրի առաւ իր ապրելու պայմանը. «Ո՛չ, ես չեմ կրնար ապրիլ զուրկ գրկէդ»: Իսկ ի՞նչ կ՛ըլլայ, եթէ ազգս զրկուի բանաստեղծներէ եւ արուեստագէտ անձերէ: Կոմիտաս վարդապետը մեզ զգուշացուց. «Մահուան արժանի է այն ժողովուրդը, որ զուրկ է գեղարուեստէ»:
ԶՐԿԱՆՔԻ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
Մեր ազգի պատմութիւնը, ինչո՞ւ կը զարմանաք, անշուշտ, որ ծնունդ պիտի տար բազմաթիւ «զրկուած» բառերու: Տասնեակ մը ածականներ են անոնք: Բոլորը դարերու խորութեան մէջ տեղի ունեցած դժբախտութեան մը ականատեսերը եղած են. որբը՝ ծնողազուրկ, ղարիպը՝ հայրենազուրկ, անտաղանդը՝ տաղանդազուրկ, անշնորհը՝ շնորհազուրկ, կեղծը՝ փաստազուրկ, վիժած իշխանը՝ գահազուրկ, իսկ սերունդ մը ամբողջ՝ կենազուրկ: Տակաւին ունեցած ենք «որդեզուրկ» ծնողներ, «իմաստազուրկ» վիճաբանութիւններ, կայսրութիւններու հպատակ «իրաւազուրկ» ազգ մը, իսկ Տարօնի պատերազմի օրերուն՝ «արքայազուրկ» Մամիկոնեան իշխաններ:
ՆՇԱՆԱԶՈՒՐԿ ՄԱՄՈՒԼԸ
Յարգելի ընթերցող, դուք եթէ հայրենի մամուլին ակնարկ մը նետէք, ափսոսանքով կը տեսնէք, թէ կեանքը տակաւին զերծ չէ «զուրկ» ըլլալէ: Թերթեցի քանի մը օրաթերթեր, քաղեցի քանի մը խորագիրներ. «Մի Շարք Համայնքներ Զուրկ Են Տրանսպորտից (փոխադրական միջոցէ)», «Հայաստանին Դարձնում Են Կախեալ, Ինքնիշխանութիւնից Զուրկ Մի Պետութիւն»: Ապա յիշեցի մանկավարժ Ռեթէոս Պէրպէրեանի «Դպրոց Եւ Դպրութիւն» գիրքը: Այդ աշխատասիրութիւնը կարդալով՝ մենք հասկցանք, թէ լրագիր մը ի՛նչ կերպարանք կ՛առնէ, երբ խմբագիրը միայն արտայայտէ իր անձնական կարծիքը՝ առանց արտաքին գրական ուժեր պարունակելու. «Աններդաշնակ մարմին մը…, բարձր նշանակութենէ ու ներգործութենէ զուրկ»:
ԴԱՐՁՆԵՆՔ ԿԵԱՆՔԸ ԼԻ
Երեւանի մէջ, 2018ին լոյս տեսաւ «Ազգային Երգարան» մը: Անոր անուանաթերթին վրայ գրած են հետեւեալը. «Տունը, ուր երգարաններ չկան, նման է հոգուց զուրկ մարմնի»: Առ այդ, մենք եւս, որպէսզի «հոգեզուրկ» չըլլանք՝ կ՛առաջարկեմ, որ երգերով աւարտենք այս զրոյցը: Քսանամեակ մը առաջ, ի՞նչ կ՛երգէր Երեւանը, մտածեցի: Քաղաքի գլխաւոր ճարտարապետ, երաժիշտ, երգահան Արթուր Մէսչեանի խորհրդաւոր երգերէն մէկը յիշեցի. «Կեանքը անիմաստ իմաստազրկւում է, / երբ վերածւում է անվերջ պայքարի / Տները նոյնպէս իմաստազրկւում են, / Երբ վերածւում են ապաստանարանի: / Խօսքը շատ վաղուց իմաստազրկուել է, / իմաստը նոյնիսկ իմաստազրկուել է»: Իսկ կայ՞ զրկանքը փարատելու նպատակով գրուած կենսուրախ երգ մը. այո, հատ մը գտա՛յ : Պոլսոյ փողոցներուն մէջ, 1880ականներուն կը հնչէր Տիգրան Չուխաճեանի նորագոյն մեղեդին. անոր վերնագիրը՝ «Խրախճանքի Երգ»: Խօսքերը կը պատկանին Թագւոր Նալեանին: Այժմ հեռու մնանք բոլոր զրկանքներէն, եւ թող այդ մեղեդին ուրախացնէ մեզ.
«Բայց առանց երգ, պար, ուրախութիւն
Կեանքը զուրկ է իմաստից,
Դէ, որ այդպէս է,
Եկէ՛ք դարձնենք
Մեր կեանքը լի»: