ՇԵՇՏՈՒԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

11 Դեկտեմբերին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամները հանդիպում ունեցան Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի հետ: Ներկայ էր նաեւ Արցախի թեմի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերու գրասենեակի ղեկավար Մ. Բալայեան:
Հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ Արցախի պետականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ կատարուելիքները: Վրթանէս եպս. Աբրահամեան խօսեցաւ Արցախի թեմի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերու գրասենեակի ծրագիրներուն, արցախցիներուն հետ հանդիպումներուն եւ անոնց հիմնահարցերուն մասին՝ կարեւոր նկատելով ՀՅ Դաշնակցութեան հետ համագործակցութիւնը:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն ողջունեց Արցախի թեմի նախաձեռնութիւնները եւ կարեւոր նկատեց թեմի՝ Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու պահպանման վերաբերող աշխատանքները:
Կեդրոնական կոմիտէն մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մշակութային եւ հոգեւոր արժէքներու խեղաթիւրման, առաքելական եկեղեցիներուն դէմ ծաւալող քարոզչական եւ դիւանագիտական պայքարին, զանոնք՝ այլ համայնքներու սեփականութիւնը դարձնելու փորձերու գծով եւ կարեւոր նկատեց Արցախի թեմի դերակատարութիւնը` այդ գործընթացի կանխարգիլման ուղղութեամբ:
Սրբազանը անհրաժեշտ նկատեց միասնականութիւնը` Արցախի պետականութեան շուրջ, ինչպէս նաեւ կարեւոր սեպեց համախմբումը` ներկայի մարտահրաւէրները դիմակայելու եւ արցախցիներուն հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրացման շուրջ: