Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Մալթայի մէջ մասնակցեցաւ ԵԱՀԿի նախարարական ժողովի պաշտօնական բացման արարողութեան։
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ այս ծիրին մէջ, Միրզոյեան կապեր հաստատեց շարք մը երկիրներու, որոնց կարգին Թուրքիոյ, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Լիւքսեմպուրկի, Ուքրանիոյ, Հոլանտայի եւ Անտորայի իր գործընկերներուն հետ:
«Մենք համոզուած ենք, որ խաղաղութիւնն այլընտրանք չունի, քանի որ մեր տարածաշրջանի ժողովուրդն արդէն շատ է տուժել արիւնալի հակամարտութիւններից», ըսաւ Միրզոյեան ԵԱՀԿի նախարարներու խորհուրդի 31րդ նիստին արտասանած իր խօսքին մէջ:
Միրզոյեան ընդգծեց, որ Հայաստան կը շարունակէ իր կառուցողական ներգրաւուածութիւնը Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման վերաբերող բանակցութիւններուն մէջ: Ըստ անոր՝ յառաջընթաց մը արձանագրուած է երկու երկիրներուն միջեւ Խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան ուղղութեամբ։ «Համաձայնութեան ենք եկել նախաբանի եւ համաձայնագրի նախագծի 17 յօդուածներից 15ի շուրջ, եւ եթէ լինի բաւարար քաղաքական կամք, այն կարող է արագօրէն վերջնականացուել եւ ստորագրուել», յայտնեց Միրզոյեան, որ նաեւ հաստատեց, թէ՝ ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն, Հայաստան հաստատակամ է շարունակելու ջանքերը՝ հասնելու փափաքելի նպատակին: «Այս համատեքստում հայկական կողմի առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» կապուղիների նախագիծը մեծ ներուժ ունի բարձրացնելու վստահութիւնը, ամրապնդելու վստահութեան մթնոլորտը եւ խթանելու տարածաշրջանի երկրների միջեւ աւելի լաւ փոխգործակցութիւն», ընդգծեց Միրզոյեան:
Ասոր զուգահեռ, նոյն նիստին ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւս անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն՝ դիտել տալով, որ զգալի յառաջընթաց մը արձանագրուած է երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ: «Սահմանազատման հարցերով համապատասխան յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան մասին վերջերս ուժի մէջ մտած դրոյթը պիտի ապահովէ սահմանազատման յաջորդ փուլերու իրականացումը: Բացի այդ, զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է երկկողմ համաձայնագիրի նախագիծի բնագիրի մշակման գծով», յայտնեց Պայրամով:
Իսկ Միրզոյեան իր խօսքին մէջ, անդրադառնալով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումին՝ ըսաւ, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ սահմաններու բացումը կրնան ըլլալ խաղաղութեան եւ կայունութեան կարեւոր միւս ներդրումը տարածաշրջանին մէջ: «Այս նպատակով, մենք շարունակելու ենք երկխօսութիւնը մեր թուրք գործընկերների հետ եւ իրականացնել որոշ գործնական քայլեր, այդ թւում՝ Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ կամուրջի, ինչպէս նաեւ Գիւմրի-Կարս երկաթգծով սահմանային անցման տեխնիկական (արհեստագիտական) պահանջների համատեղ գնահատում», տեղեկացուց ան: