
ԱՆ ՆԱԵՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՆԿԱՏԵՑ «ԱԶԳ-ԲԱՆԱԿ» ԲԱՆԱՁԵՒԷՆ ՀՐԱԺԱՐԻԼ
«Ղարաբաղը անկախ չի, Հայաստան չի, Ադրբեջան չի, Ղարաբաղը ի՞նչ ա բա»։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 3 Դեկտեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ, 2025ի պետական պիւտճէի փոխուած տարբերակի քննարկումին ընթացքին այս արտայայտութիւնը ունեցաւ եւ Արցախի հարցը համեմատեց յղութեան հետ: Նկատի ունենալով Արցախի հարցի հանգուցալուծումը՝ Փաշինեան պնդեց, որ յղութիւնը յաւելեալ 9 ամիսով երկարաձգելը անիմաստ էր:
«Որովհետեւ մէկը կարող է յղի լինել 9 ամիս, 9 ամիս անց պէտք ա մի որեւէ բան տեղի ունենայ` պէտք ա կա՛մ ծնուի երեխան, կամ պէտք ա չծնուի` մեծ հաւանականութեամբ կրողի մահը պատճառելով կամ սրանից բխող: Կա՛մ կեսարեան հատումով պէտք ա ծնուի, կա՛մ բնական ճանապարհով պէտք ա ծնուի, կա՛մ կենդանածին պէտք ա լինի, կա՛մ մեռելածին պէտք ա լինի, կա՛մ տղայ պէտք ա լինի, կա՛մ աղջիկ պէտք ա լինի… Էն բանը, որ մենք էս յղիութիւնը պէտք ա եւս 9 ամսով երկարացնենք, դա, կը ներէք, աբսուրդ (անհեթեթ) մօտեցում է», յայտարարեց Փաշինեան։
Ապա ան ինքնիրեն հարցուց, թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ պատերազմէն մէկ տարի առաջ` 2019ին, եւ Ղարաբաղի հարցին մէջ, որքանո՞վ ճիշդ կամ սխալ էր իր վարած քաղաքականութիւնը։
Ըստ Փաշինեանի` եթէ ինք դարձեալ ձգձգէր Արցախի հարցի լուծումը, կամ, ըստ անոր ձեւակերպումին, պայմանական յղութիւնը յաւելեալ 9 ամիսով երկարաձգէր, այդ քաղաքականութիւնը կարելի էր սխալ նկատել:
Իր վարած քաղաքականութիւնը, ըստ Փաշինեանի, ոչ թէ ճիշդ է կամ սխալ, այլ միակ կարելի տարբերակն էր, որ պետութիւն ունենալու «շանս էր տալիս»: Հետեւաբար, ըստ անոր, շատ բան կախեալ էր անկէ, թէ ինչպէ՛ս կ’օգտագործեն այդ առիթը:
«Ես երկու տարի առաջ այս ամբիոնից յայտարարել եմ, ասել եմ` եթէ մեզ յաջողուի մէկ-երկու տարի պահել մեր պետականութիւնը, դա նշանակում է, որ մենք առաջիկայ հարիւրամեակում պետութիւն ունենալու իրական հնարաւորութիւն ենք ստեղծել եւ ստեղծում: Եւ ահա երկու տարի անց ես կանգնած Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի ամբիոնին որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ եւ պիտի այդպիսով արձանագրեմ, որ միջնաժամկէտում մեր դարաւոր եւ ռազմավարական խնդիրը լուծուած է: Բայց մեզ չի կարելի ոչ մի վայրկեան թուլացնել մեր զգօնութիւնը», յայտարարեց վարչապետը:
Ըստ Փաշինեանի՝ այն մարտահրաւէրները, զորս ունէին երկու տարի առաջ, անոնց զգալի մասը դարձած է էականօրէն աւելի կառավարելի, բայց ի յայտ եկած են նոր մարտահրաւէրներ, զորս կառավարելու համար անհրաժեշտ է յաղթահարել «ազգ-նահատակ», «ազգ-բանակ» բանաձեւերը եւ աւելի ամուր կանգնիլ պետութեան հիմերուն վրայ, որուն միակ խնդիրը սեփական տարածքին մէջ սեփական քաղաքացիներուն ապահովութիւնն ու բարեկեցութիւնը երաշխաւորելն է:
Հակառակ անոր որ Փաշինեան պետականութիւնը պահելու կարելիութիւն ձեռք բերելու ռազմավարական հարցը լուծուած կը նկատէ, սակայն անւ կը նշէ, թէ պէտք է զգուշութեամբ անցնիլ տակաւին ականապատ դաշտէն եւ հասնիլ այն փուլին, որ կարելիութիւն պիտի տայ երաշխաւորել պետութեան լինելիութիւնը յառաջիկայ հարիւրամեակին:
«Ես համոզուած եմ, որ հէնց մենք ենք այն կառավարութիւնը, հէնց մենք ենք այն խորհրդարանը, հէնց մենք ենք այն ժամանակը, որը հնարաւորութիւն է ունենալու ասել` ահա մենք երաշխաւորեցինք Հայաստանի պետականութեան գոյութիւնը առաջիկայ հարիւրամեակի ընթացքում», յայտարարեց վարչապետ:
«Ազատութիւն»ը կը գրէ, որ Փաշինեան իր ելոյթին ընթացքին խօսեցաւ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան տարիներուն առաջադրուած «ազգ-բանակ» գաղափարախօսութեան մասին՝ պնդելով, որ պէտք է ձերբազատիլ անկէ, որովհետեւ անիկա «ազգ-նահատակ» բանաձեւին շարունակութիւնն է:
Փաշինեանի անցած 6.5 տարիներու դիտարկումները ցոյց կու տան, որ աշխարհը Հայաստանը կ՛ընկալէ իբրեւ «ազգ-նահատակ», մինչդեռ իր կառավարութեան մեծագոյն առաքելութիւնն է յաղթահարել այդ իրավիճակը:
«Ազգ-բանակ», «ազգ-նահատակ» բանաձեւի տրամաբանութեան եւ շարունակութեան մէջ է, որովհետեւ եթէ դու դիրքաւորւում ես որպէս «ազգ- բանակ», անխուսափելիօրէն քո դէմ գեներացնում (լարել) ես այլ բանակներ: Մենք շատ խօսում ենք նրա մասին, որ մենք պէտք է ունենանք ուժեղ բանակ, եւ սա ճիշդ օրակարգ է, եւ մենք պէտք է շարունակենք այս օրակարգի իրագործումը, բայց էլի ուզում եմ մենք մեզ հարց տանք` իսկ մենք ինչքա՞ն եւ ումի՞ց ուժեղ բանակ ենք ուզում ունենալ, ուժեղ ումի՞ց` քանի՞ բանակից պէտք է ուժեղ լինենք», յայտնեց Փաշինեան, ըստ որուն, «ազգ-նահատակ» եւ «ազգ-բանակ» բանաձեւերը յաղթահարելու համար պէտք է որդեգրել այլ, բոլորովին ուրիշ տրամաբանութիւն` պարզապէս պետութեան տրամաբանութիւնը: Պետութիւն, որ ունի միջազգայանօրէն ճանչցուած յստակ տարածք եւ կը գործէ միայն այդ տարածքի շահերուն համապատասխան:
«Այս պայմանների առկայութեամբ է, որ բանակը, մեր մտածած ուժեղ եւ մարտունակ բանակը, կարող է լինել էֆեկտիւ (ազդեցիկ): Սա նշանակում է ստեղծել անվտանգային մի համակարգ, որի առաջին գծում բանակը չէ, դրանից առաջ կան բուֆերներ: Օրինակ` տնտեսական փոխկախուածութիւնները, դրանից առաջ կայ ուրիշ բուֆեր` միջազգային կանոնները, որի ոտնահարումներից այսօր բողոքում են ամէնուր: Էս պայմաններում է, որ ուժեղ բանակ ունենալու օրակարագը կարող է լինել լեգիտիմ, արդարացուած եւ ապահովել անվտանգութիւն` անվտանգութեան շղթայի մէջ որպէս մի եւ հերթական օղակ», ըսաւ վարչապետը:
Փաշինեան արտագաղթի խնդիրը եւս կապեց Հայաստանի հակամարտութեամբ լի յարաբերութիւններուն հետ` պնդելով, որ արտագաղթի գլխաւոր պատաճառները, ոչ թէ ընկերային կամ իրաւական են, այլ 90 տոկոսով կապուած են տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի վարած քաղաքականութեան հետ:
«Արտագաղթի 1, 2, 3, 4, 5, 6, 7, 8, 9, 10, 11րդ պատճառը մեր կոնֆլիկտային (հակամարտութեան) յարաբերութիւններն են մեր միջավայրի հետ», եզրափակեց Փաշինեան: