- ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՀԱԼԷՊԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
- ՀՕՄ-Ի ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆՔ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԹԵՒ ԵՒ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ
- ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

«Այսօր` Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2024ին զոհուեցաւ հալէպահայ դոկտ. Երուանդ Արսլանեան (ծնեալ` 1958ին, Հալէպ): Արսլանեան երէկ Հալէպէն դուրս ելլելու ընթացքին, Սելեմիէի ճամբուն վրայ դիպուկահարի մը արձակած փամփուշտէն վիրաւորուած եւ փոխադրուած էր Համայի հիւանդանոցը: Անոր վիճակը ծանրացած է եւ այսօր կէսօրին դոկտ. Արսլանեան իր մահկանացուն կնքեց», հաղորդեց «Գանձասար»ը:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՀԱԼԷՊԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Շաբաթ օր, ամբողջ օրուան ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոսը շարունակեց մօտէն հետեւիլ Հալէպի մէջ զինեալ խմբաւորումներու յարձակումներուն պատճառով ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակին:
Վեհափառը մնայուն կապի մէջ ըլլալով առաջնորդին եւ համայնքի պատասխանատուներուն հետ՝ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անոնց, որ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատու ոգիով մօտէն կը հետեւին հայ համայնքի բարօրութեան:
Յայտնենք, որ զինեալ բախումները ընդհանրապէս հեռու են հայկական թաղամասերէն:
Ընդդիմադիր զինեալները ներկայացնող անհատներ այցելելով հայ եւ քրիստոնեայ համայնքներու պատկանող բնակարաններ ու կեդրոններ` յայտնած են, թէ պատրաստ են առօրեայ կենցաղային կարիքներու ապահովման գծով պէտք եղած օժանդակութիւնը ցուցաբերելու կամ որեւէ դժուարութեան պարագային օգտակար դառնալու:
Նշենք նաեւ, որ առաջնորդը եւ հայ համայնքի պատասխանատուները, թէ՛ Հալէպի եւ թէ Քեսապի մէջ, մեր ժողովուրդի զաւակներուն թելադրած են տուները մնալ եւ անհրաժեշտութեան պարագային կապ հաստատել ազգային առաջնորդարանին կամ համայնքային կեդրոններուն հետ:
Հալէպի մէջ տիրող ճգնաժամային վիճակին ի տես, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Դիմատետրի ճամբով իր հայրական ձայնագրուած խօսքը ուղղեց սուրիահայութեան: Ան զօրակցութիւն յայտնեց ժողովուրդին եւ նշեց, որ իրենք կը մնան Հալէպ` շարունակելու առօրեայ կեանքը, ծառայութիւնը եւ հաւատքի առաքելութիւնը` միշտ կառչած ու հաւատարիմ մնալով իրենց սկզբունքներուն, եկեղեցական եւ ազգային արժէքներուն ու երկրին:
«Դժուար օրերու եւ զանազան անակնկալներու դիմաց կը գտնուինք, բայց չենք յուսահատիր ու տկարանար, այլ յոյսով ու հաւատքով կը շարունակենք միշտ լաւ, փայլուն, պայծառ ու բարօր ապագայի տեսլականով», յայտնեց սրբազանը: Ան վստահեցուց, որ Ազգային իշխանութիւնը իր բոլոր կարողութեամբ ամէն ջանք պիտի գործադրէ օգտակար դառնալու ժողովուրդին:
Նաեւ, Շաբաթ օր, Քեսապի հայ երեք համայնքներու հոգեւոր հայրերը քեսապահայութեան ուղղեցին հետեւեալ կոչը. «Մենք` Քեսապի երեք հոգեւոր հայրերս, կոչ կ՛ուղղենք ձեզի, երկրի ներկայ ծանօթ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, որ իրարու թեւ ու թիկունք ըլլաք, մնաք սառնասիրտ եւ արթնամիտ, միասնաբար յաղթահարելու համար գալիք դժուարութիւնները: Պատրաստ ըլլաք ամէն հաւանականութեան` ձեր կարեւոր փաստաթուղթերը եւ արժէք ներկայացնող իրերը պատրաստ ունենալով: Աստուած խնայէ ու պահէ բոլորս: Թող մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաղաղութիւնը, որ ամէն միտքէ վեր է եւ անոր առաջնորդութիւնը մեր բոլորին հետ ըլլան: Ամէն»:
Իր կարգին, Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Մարիա Գաբրիելեան յայտնեց, թէ այժմ Հալէպի հայերը սպասողական, անորոշ վիճակի մէջ են, իսկ դպրոցները եւ օդակայանը փակ են։ Ան ընդգծեց, որ կենցաղային հիմնական դժուարութիւնը հաց ապահովելու հարցն է։ «Փուռերը բաց են, սակայն ահաւոր խճողում կայ։ Կանաչեղէնի եւ պտուղներու տագնապ առայժմ չկայ», ըսաւ Գաբրիելեան։
«Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տունը եւս կ՛աջակցի հայութեան՝ հաց ապահովելու ջանքին։
Նշենք, որ Հալէպի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանը փակուած է։
Յայտնենք, որ Հալէպի մեծամասնութիւնը ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու անակնկալ յարձակումին պատճառով կորսնցուցած սուրիական բանակը Կիրակի օր ամրապնդեց Համայի հիւսիսային գիւղերու ուղղութեամբ իր պաշտպանական դիրքերը եւ դէմ դրաւ իսլամական զինեալ խմբաւորումներուն: Բանակը վերատիրացաւ շարք մը գիւղերու:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական եւ ռուսական օդային ուժերը կը շարունակեն հարուածել Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող զինեալ խմբաւորումներու շարժումները:
Յարձակումները մասնաւորաբար թիրախ դարձուցած են Խան Շէյխունի եւ Համայի հիւսիսային գիւղական շրջանի Մուրք շրջանները:
Ըստ «Մայատին»ի՝ սուրիական բանակը դէմ դրաւ Հալէպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ Ապուլ Զուհուրի օդուժի ռազմակայանին մօտ զինեալ խմբաւորումներու յառաջխաղացքի փորձին: Սուրիական բանակը նաեւ ձախողութեան մատնեց զինեալ խմբաւորումներու Լաթաքիոյ գիւղական շրջանի Սալմա գիւղը ներթափանցելու փորձերը:
«Ահաբեկչութիւնը միայն ուժի լեզուէն կը հասկնայ, եւ անիկա այն լեզուն է, որուն միջոցով զայն պիտի կոտրենք եւ ոչնչացնենք, ով ալ ըլլայ անոր աջակցողը եւ հովանաւորը»:

ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆՔ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԹԵՒ ԵՒ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ
ՀՕՄը կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«ՀՕՄի մեծ ընտանիքին անունով, պատրաստակամութիւն կը յայտնենք թեւ եւ թիկունք կանգնելու հալէպահայութեան՝ քաջ հաւատալով, որ ամբողջ հայութիւնը նոյն պատրաստակամութիւնը պիտի ցուցաբերէ՝ օժանդակելու համար հալէպահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ ՀՕՄի Սիրտը կը տրոփէ հալէպահայութեան հետ»։

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր զօրակցութիւնը յայտնեց սուրիահայութեան: Վեհափառը հեռաձայնային կապ հաստատեց Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալբանդեանի հետ, տեղեկացաւ Սուրիոյ վերջին օրերու զարգացումներուն եւ իրավիճակին մասին, յայտնեց Վահրամ քահանայ Մելիքեան։
«Առաջնորդ սրբազան հայրը մանրամասն տեղեկութիւններ է հաղորդել Սիրիայում տիրող ճգնաժամի եւ սիրիահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրների մասին», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Վահրամ քահանայ Մելիքեան: