
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 27 Նոյեմբերին, Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտայի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը այցելութիւնը նկատեց «հակաատրպէյճանական քաղաքականութեան ցուցադրութիւն»։ Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Պաքու ինքնիրեն կը վերապահէ իրաւունք՝ ձեռնարկելու համապատասխան դիւանագիտական միջոցներու` իբրեւ պատասխան այս «ոչ-բարեկամական արարքին»։
Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող նախագահ Տուտա Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան անդամներուն ընկերակցութեամբ Պարոյր Սեւակի դիտորդական առաքելութեան դիտակէտին մէջ հանդիպում ունեցած էր լեհ դիտորդներուն հետ։
Տուտայի «Էքս»ի պաշտօնական էջին վրայ հրապարակուեցաւ տեսանիւթ մը եւ հաղորդուեցաւ, որ Տուտա Պարոյր Սեւակի մէջ մասնակցեցաւ պարեկութեան, հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան լեհ անձնակազմին հետ, որ կազմուած է ապահովութեան եւ պաշտպանութեան ընդհանուր քաղաքականութեան ծիրին մէջ:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Լեհաստանի նախագահին այցելութիւնը Հայաստանի հետ սահմանը, պատճառ դարձած է Պաքուի եւ Վարշաւայի միջեւ յարաբերութիւններու սրման:
Պաքու կ՛ափսոսայ այս գծով՝ նշելով, որ Լեհաստան պաշտօնապէս Ատրպէյճանի «ռազմավարական գործընկերն» է, իսկ Տուտայի` դիտորդներու հետ պարեկութիւն ընելու քայլը նկատեց դիւանագիտական անընդունելի «հեռադիտակային ցուցադրութիւն»: