Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, Ատրպէյճանի ճնշումներուն տակ՝ Յորդանան հրաժարեցաւ բեմադրիչ Սարին Հայրապետեանի «Տունս Քաղցր Ա» (My Sweet Land) վաւերագրական ֆիլմը «Օսքար»ի մրցանակի թեկնածութեան ներկայացնելէ։ Յորդանանի շարժապատկերի յանձնախումբը այդ ֆիլմը ընտրած էր 97րդ «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն միջազգային ֆիլմ» բաժինին մէջ ներկայացնելու համար։
29 Նոյեմբերէն սկսեալ, ֆիլմը պիտի սկսի ցուցադրուիլ Կլենտէյլի Laemmle սրահին մէջ, եւ ցուցադրութիւններու առաջին շաբթուան ընթացքին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ բեմադրիչ Սարին Հայրապետեան՝ պատասխանելու համար ներկաներու հարցումներուն։
Նշենք, որ տակաւին կայ հաւանականութիւն, որ ֆիլմը թեկնածու ըլլայ վաւերագրական լաւագոյն ֆիլմի դասակարգին մէջ։
Բազմաթիւ փառատօներու ընթացքին ցուցադրուած եւ մրցանակներ շահած ֆիլմը կը պատմէ 11ամեայ Վրէժին մասին, որ կ՛երազէ ատամնաբոյժ դառնալ Արցախի իր գիւղին մէջ։ Երբ պատերազմը դարձեալ կը բռնկի, Վրէժը իր ընտանիքին հետ կը փախչի, իսկ պատերազմին աւարտին ան կը վերադառնայ իր քանդուած հայրենիքը: Ան նոյն ատեն դէմ յանդիման կը գտնուի նոր դաժան իրողութիւններու եւ կը պատրաստուի ապագայ մարտերուն…:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը։