
Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Րաֆֆի սրկ. Կարապետեանի, որ 1994էն ի վեր թեմի առաջնորդներու տնօրինումով, Քալիֆորնիոյ հայ բանտարկեալներուն կը մատուցէ հոգեւոր եւ բարոյախօսական ծառայութիւն՝ քրիստոնէական իր յանձնառու պարտաւորութիւնը լաւագոյնս արժեւորելով աստուածահաճոյ այս իւրայատուկ ծառայութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին Րաֆֆի սարկաւագը իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Գեղամ արքեպիսկոպոսին՝ առաջնորդ ընտրութեան առիթով, ապա բանտեր իր այցելութիւններուն մասին տուաւ տեղեկութիւններ, որոնց լոյսին տակ սրբազանը մեծապէս գնահատեց իր այցելուին ծառայութիւնը իր նմաններուն, որոնք դժբախտաբար, այս կամ այն պատճառով այսօր յայտնուած են մարդկային կեանքի ամէնէն ծանր էջերէն մէկուն վրայ եւ ընդգծեց, որ Րաֆֆի սարկաւագի՝ լուսարձակներէ հեռու եւ անաղմուկ այս ծառայութիւնը մեր Քրիստոսի մօտ մեծ արժէք ունի, որովհետեւ Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու, իսկ սարկաւագ եղբօր այս ծառայութիւնը Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրին մէկ կարեւոր օղակը կը կազմէ այս կեանքին մէջ:
Իր խօսքին մէջ առաջնորդը ծանրացաւ նաեւ հայ բանտարկեալներու ուղղուած քրիստոնէավայել այս ծառայութիւնը սիրողականէն մասնագիտականի բարձրացնելու կարեւորութեան վրայ եւ այս առումով փափաք յայտնեց, որ Ազգային առաջնորդարանի առաքելատիպ այս ծառայութիւնը վերածուի հաստատութենական կառոյցի մը, պատրաստուին ծառայութիւնը շարունակող նոր նուիրեալներ եւ հոգեւոր-բարոյախօսականին կողքին նաեւ մշակուին հոգեբանական, մարդկային, ընկերային եւ այլ տեսակի կարիքներու գոհացում տուող ծառայական աշխատանքներ:
Հանդիպման աւարտին, Գեղամ արքեպիսկոպոսը ուժ եւ կորով մաղթեց սարկաւագ Կարապետեանին, բարի ազատում՝ աշխարհի բոլոր հայ բանտարկեալներուն, ապա բոլորին յղեց իր հայրական օրհնութիւնները՝ վերականգնումի բարեմաղթութիւններով: