Պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Գերմանիոյ Պունտեսթաքի Եւրոպական Միութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Անթոն Հոֆրայթերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ:
Փաշինեան գոհունակութիւն յայտնելով այցելութեան համար՝ դիտել տուաւ, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ գործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ ունի հետեւողական ու աշխոյժ բնոյթ: Նոյն ատեն, ան կարեւոր նկատեց միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը, նաեւ՝ միջազգային հարթակներու վրայ:
Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ անոնց զարգացման, Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման վերաբերող հարցեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ քննարկումներուն ընթացքին, այդ առումով Հայաստանի դիրքորոշումներուն, սահմանազատման գործընթացին: Տարածաշրջանային կայունութեան ապահովման իմաստով կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութիւնը:
Միրզոյեանի հետ հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան հետագայ խորացման վերաբերող ջանքերուն՝ թէ՛ երկկողմանի ձեւաչափով, թէ՛ Եւրոպական Միութեան հարթակի վրայ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորացման մտադրութեան: Ընդգծուեցաւ Հայաստանի դիմակայունութեան հետագայ ամրապնդման ուղղութեամբ համագործակցութեան կարեւորութիւնը: