ՓՈՒԹԻՆ ԵՐԿՐԻՆ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳԸ ԿԸ ՓՈԽԷ
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը Երեքշաբթի օր ամերիկեան վեց ATACMS թեւաւոր հրթիռներ արձակեցին Ռուսիոյ Պրիանսք մարզին ուղղութեամբ` յայտնելով, որ հրթիռներէն 5ը օդին մէջ չէզոքացուեցան։
Հրթիռներուն բեկորները ինկան Պրիանսք մարզի ռազմական կառոյցներէն մէկուն արհեստագիտական տարածքին մէջ, յառաջացնելով հրդեհ մը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:
«Ար.Պի.Սի.Ուքրանիա»ն, վկայակոչելով Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն մէջ իրազեկ աղբիւրները՝ կը յայտնէ, որ երկրին պաշտպանութեան ուժերը առաջին անգամ ըլլալով Ռուսիոյ տարածքը հարուածեցին ATACMS թեւաւոր հրթիռներով:
Երկուշաբթի օր հաղորդուած էր, թէ Ուաշինկթըն Ուքրանիոյ արտօնութիւն տուաւ այդ զէնքերով հարուածելու Ռուսիոյ տարածքի խորերը:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին վաւերացուց երկրին հիւլէական արդիականացուած հայեցակարգը:
«Հիւլէական նոր հայեցակարգին հիմամբ, ուքրանական զինեալ ուժերու արեւմտեան ոչ-հիւլէական հրթիռներու Ռուսիոյ դէմ օգտագործումը կրնայ հիւլէական հակադարձութիւն պահանջել», յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Պրիանսք գաւառին վրայ յարձակումը կարելի պիտի չըլլար առանց ամերիկացիներուն մասնակցութեան: Անիկա մագլցում կատարելու՝ Միացեալ Նահանգներու փափաքը ցոյց կու տայ», իր կարգին ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Քաղաքական գետնի վրայ, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց յայտնեց, որ անցեալ շաբաթ, Փութինի հետ իր զրոյցը ցոյց տուաւ, որ Ուքրանիոյ պատերազմին վերաբերեալ Ռուսիոյ նախագահին հայեացքներուն մէջ փոփոխութեան նշոյլ իսկ չկայ: Շոլց աւելցուց, թէ կ՛արժէր խօսիլ Փութինի հետ` փարատելու այն պատրանքները, զորս ան կրնայ ունենալ, թէ Արեւմուտքը կը պատրաստուի հրաժարիլ Ուքրանիոյ աջակցելէ: